Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը թրքական TRT World հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար բացառիկ հնարաւորութիւն ստեղծուած է։
«Մենք պէտք է կեդրոնանանք իրականութեան վրայ, իսկ իրականութիւնը այն է, որ անկախութենէն ի վեր առաջին անգամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բացառիկ հնարաւորութիւն ստեղծուած է։ Ինչո՞ւ կ'ըսեմ առաջին անգամ, քանի որ «բռնագրաւման» (չակերտները` խմբ.) փաստը այլեւս գոյութիւն չունի։
Կայ մօտ 30 տարուան թշնամանք, բռնատիրութիւն, կորուստներ եւ պատերազմի հետեւանքներ։ Բայց մենք կը կարծենք՝ պէտք է նայիլ ապագային: Գիտէք, այդ հեշտ չէ մեզի համար, քանի որ յիշողութիւնը կը կենդանացնէ այն ամէնը, որ տեղի ունեցած է: Սակայն Ատրպէյճանի նախագահը ընդգծած է յարաբերութիւններու կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Ատրպէյճանը պատրաստ է Հայաստանի հետ աշխատելու խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման ուղղութեամբ։ Մենք հանդէս կու գանք այդ առաջարկով։ Հայաստանէն կ'ակնկալենք քաղաքական կամք եւ իրական քայլեր»,- յայտարարած է Պայրամովը։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ