Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ 2017 թուականի տուեալներով, աշխարհի մէջ տեղի ունցող հակամարտութիւններուն հետեւանքով գաղթականներու եւ փախստականներու թիւը հասած է 68,5 միլիոնի:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, նշուած թիւը արդէն 5-րդ տարին է, որ աճ կը գրանցէ, դիտել տալով, որ անցնող տարուան ընթացքին այն 3.1 միլիոնով աճած է:
Այս առումով, կարելի է ըսել, որ աշխարհի բնակչութեան 110-էն մէկը գաղթական է, կը նշէ աղբիւրը:
Գաղթականներու քաղաքացութեան անդրադառնալով, նշուած է, որ անոնց 1/5-ը պաղեստինցիներ են, մնացած թիւի մեծամասնութիւնը սուրիացի, աֆղանիստանցի, հարաւային սուտանցի, պուրմացի եւ սոմալցի են: