image

Արթուր Մկրտչեան եւ Արմենակ Ուրֆանեան յետ մահու «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացան

Արթուր Մկրտչեան եւ Արմենակ Ուրֆանեան յետ մահու «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացան

Արցախի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ կայացաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ՝ Արթուր Մկրտչեանին եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի 4-րդ հրաձգային վաշտի հրամանատար, զօրավար՝ Արմենակ Ուրֆանեանին յետմահու «Արցախի հերոս»  բարձրագոյն կոչում շնորհելու արարողութիւնը:

Ելոյթով հանդէս եկաւ Արցախի նախագահ` Արայիկ Յարութիւնեան նշելով, որ  ԱՀ նախագահական ընտրութիւններու օրը այցելած է Արթուր Մկրտչեանի շիրիմը եւ խոստացած ընտրուելու պարագային, ընել առաւելագոյնը՝ վերջինիս  կիսատ ձգած գործը շարունակելու եւ վեհ գաղափարները կեանքի կոչելու համար:

 

«Այդ երդում էր ինչպէս Արթուր Մկրտչեանի, այնպէս ալ հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհաբերած մեր բոլոր քաջորդիներու յիշատակին առջեւ»:

 

Փաշինեան եւս ելոյթով հանդէս եկաւ՝ նշելով, որ յուզիչ եւ կարեւոր միջոցառում է. «Կը կարծեմ, որ ասոր ամենակարեւոր խորհուրդը այն է, որ մենք մեր պատմութիւնը չենք մոռնար: Մենք, ի հարկէ, ամէն օր, ամէն ժամ կը նայինք ապագային, բայց այդ ապագան ճիշդ կառուցելու համար պէտք է ճիշդ գնահատել նաեւ անցեալը»,-ըսաւ ՀՀ վարչապետը:

 

Արցախի նախագահ` Արայիկ Յարութիւնեան այս մասին  գրելով իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ եզրափակած է.- «Փա՛ռք հայոց նորագոյն պատմութիւնը կերտող բոլոր հերոսներուն»: