Պաքուի մէջ կը շարունակուի դատական շինծու գործը գերեվարուած հայեր Լիւտվիկ Մկրտչեանի եւ Ալիոշա Խոսրովեանի նկատմամբ:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ 1 Յուլիսի նիստին դատաւոր Էլպէյ Ալլահվերտիեւի ղեկավարութեամբ կ'ուսումնասիրուին քրէական գործի «նիւթերը»:
Մկրտչեանը եւ Խոսրովեանը կը մեղադրուին տարբեր յանցագործութիւններու մէջ այն պատճառով, որ անոնք մասնակցած են ղարաբաղեան առաջին պատերազմին:
Այդպէս, Ատրպէյճանը վրէժ կը լուծէ իր ձեռքը ինկած առաջին պատերազմի բոլոր իրական կամ ենթադրեալ մասնակիցներէն: