Միջին Արեւելքի Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներէն Հայր Փիեռ Փաթիսթա Փիզապալա յայտարարած է, որ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք հռչակող Թրամբի որոշումէն ետք ստեղծուած լարուածութիւնը պատճառ դարձաւ, որ մարդիկ շեղին Ս. Ծննդեան տօնէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը:
Եպիսկոպոսը անդրադարձած է նաեւ Ս. Ծննդեան տօնի առթիւ Բեթղեհէմ այցելող զբօսաշրջիկներու թիւի կտրուկ նուազման, նշելով, որ տասնեակ խումբեր իրենց ուղեւորութիւնը չեղարկած են՝ նկատի ունենալով երկրի անվտանգութեան հետ կապուած անկայուն իրավիճակը:
Միւս կողմէ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ պիտի աւելցնէ Երուսաղէմի մէջ ու դէպի Բեթղեհէմ մուտք գործող ճանապարհի անցակէտերու ոստիկանութեան աշխատակիցներու թիւը, զբօսաշրջիկներու եւ այցելուներու երթեւեկը դիւրացնելու նպատակով:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն, աղբիւրը նշած է, որ իրաքեան Մոսուլի եւ սուրիական Հոմսի բնակիչները տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը նշեն Ս. Ծննդեան տօնը, մինչդեռ վերջերս ազատագրուած Ռաքքայի երկու եկեղեցիները թէեւ ականազերծուած են, սակայն տեղի բնակիչները տակաւին տուն չեն դարձած:
Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի քրիստոնէական թաղամասերը այս տարի տօնական զգեստ հագած են, իսկ խանութներն իրենց ցուցափեղկերուն մէջ փոքրիկ տօնածառեր տեղադրած են:
Սակայն այնուամենայնիւ, կը գրէ աղբիւրը, Միջին Արեւելքի ոչ բոլոր շրջաններու քրիստոնեայ բնակիչներն են, որ ազատ կերպով կը նշեն Ս. Ծննդեան տօնը, ինչպէս օրինակ Եգիպտոսի մէջ, ուր ղպտի եկեղեցւոյ հետեւորդները մշտապէս յարձակումներու կ'ենթարկուին, բան մը, որ օրեր առաջ եւս հաստատուեցաւ, երբ Գահիրէի հարաւային շրջանի ղպտի եկեղեցիներէն մէկը ենթարկուեցաւ հարիւրաւոր անձերու յարձակման, որոնք կը պահանջէին քանդել եկեղեցին ու ծեծի կ'ենթարկէին տեղի քրիստոնեաները: