image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան-Իսրայէլ նոր լարուածութիւն. Իսրայէլ հարուածած է Lիբանանի սահմանակից շրջանները

Լիբանան-Իսրայէլ նոր լարուածութիւն. Իսրայէլ հարուածած է Lիբանանի սահմանակից շրջանները

Ըստ լիբանանեան աղբիւրներու, քիչ առաջ հերթական լարուած իրավիճակ ստեղծուած է Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային հատուածին վրայ:

Նախնական տուեալներով՝ Լիբանանի հարաւէն դէպի Աքքա եւ Հայֆա իսրայէլեան քաղաքներ հրթիռներ նետուած են, որուն ի պատասխան Իսրայէլեան բանակը հարուածած է Լիբանանի հարաւային շրջանները:

Մարդկային կորուստներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր, եւ մինչեւ այս պահը իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած: