image

Այսօր Լիզպոնի հերոսներէն՝ Արա Քըրճըլեանի ծննդեան օրն է. Ան կը դառնար 58 տարեկան

Այսօր Լիզպոնի հերոսներէն՝ Արա Քըրճըլեանի ծննդեան օրն է. Ան կը դառնար 58 տարեկան

 Այսօր  Լիզպոնի գործողութեան մասնակից մարտիկներէն՝ Արա Քըրճըլեանի ծննդեան օր է։

 «Հայ Յեղափոխական Բանակ»ի անդամ՝Արա Քըրճըլեանը կը նահատակուէր  27 յուլիս 1983-ին։

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք Արա Քըրճըլեանի  հակիրճ  կենսագրականը։

 

 

Արա Քըրճըլեան ծնած է, 12 Յունիս 1963-ին, Պէյրութ: Նախ կը յաճախէ Ազգային Մարտիկեան վարժարանի մանկապարտէզը, ապա՝ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլէճը: 1978-ին տակաւին ութերորդ դասարանի աշակերտ, հօրը մահէն ետք տան ապրուստը հոգալու համար, կը լքէ դպրոցը եւ կը դիմէ արհեստի ու կը սորվի ոսկերչութիւն: Ազգային իր գիտակցութեան ներշնջման աղբիւրը եւ մղիչ ուժը կ'ըլլայ իր մայրը, որ միշտ կը պատմէ Հայ ժողովուրդի տարապանքներուն մասին՝ թրքական եաթաղանին տակ: Արա շատ կը սիրէր փոքրերը: Իր շուրջ կը հաւաքէր զանոնք եւ կը պատմէր անոնց՝ Հայութեան կրած տարապանքներուն մասին:

 Անոնց մէջ եւս կ'արթնցնէր ազգային սէրը: Կը սիրէր լողալ եւ չմշկել: Կը սիրէր նաեւ երաժշտութիւնը: Յաճախ տունէն կը բացակայէր եւ մասնաւոր բացատրութիւն չէր տար այդ մասին: Վերջին օրերուն ան մօրը կ'ըսէ, թէ պտոյտի համար կ'ուզէ Յունաստան մեկնիլ, սակայն մայրը կ'ընդդիմանայ: Քանի մը օր ետք Արան կ'ըսէ թէ ընկերներով բանակումի պիտի երթան գիւղերը, եւ այդ պատրուակով ալ կը մեկնի տունէն, 22 Յուլիս 1983-ին, մասնակցելու համար Լիզպոնի գործողութեան: Արա Քըրճըլեան կը նահատակուի 27 Յուլիս 1983-ին, Լիզպոնի գործողութեան ընթացքին: