image

Արցախը այսօր կը տօնէ անկախութեան հռչակման 28-րդ տարեդարձը

Արցախը այսօր կը տօնէ անկախութեան հռչակման 28-րդ տարեդարձը

Այսօր՝ 2 սեպտեմբերին, Արցախը կը տօնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 28-րդ տարեդարձը։

2 Սեպտեմբեր 1991–ին, Ստեփանակերտի մէջ, ժողովրդական պատգամաւորներու Լեռնային Ղարաբաղի մարզային Խորհուրդի, Շահումեանի շրջանային Խորհուրդի եւ բոլոր մակարդակներու Խորհուրդներու պատգամաւորներու համատեղ նստաշրջանը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման եւ անոր պետական իշխանութեան ու կառավարման ժամանակաւոր մարմիններու ձեւաւորման մասին հռչակագիր ընդունեց:

Այդ օրուընէ սկսաւ Արցախի՝ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան ժամանակակից պատմութիւնը: 10 Դեկտեմբեր 1991-ին կայացաւ հանրաքուէ, որ հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը։ Այդ օրը ԼՂՀ բնակչութեան 99 տոկոսը քուէարկեց յօգուտ անկախութեան։ Ատրպէյճանը փորձեց ռազմական ուժով ճնշել Արցախի ինքորոշման, սակայն Արցախը կրցաւ ոչ միայն չէզոքացնել ատրպէյճանական յարձակումները, այլեւ նոր շրջաններ ազատագրելով՝ ամրապնդել իր անկախութիւնը:

Նշենք, որ այսօր կայանալիք տօնակատարութիւններու շրջագիծէն ներս Ստեփանակերտի «Վերածնունդի» հրապարակին վրայ պիտի կազմակերպուի ռազմական սարքերու եւ սպառազինութեան ցուցահանդէս, որու ժամանակ պիտի ներկայացուին նաեւ սեփական արտադրութեան նոր զինանմուշներու ցուցադրութիւն: