image

Արցախեան պայքարին մէջ լիբանանահայութեան ներգրաւուածութիւնը անժխտելի է. Պետօ Տէմիրճեան

Արցախեան պայքարին մէջ  լիբանանահայութեան ներգրաւուածութիւնը   անժխտելի է. Պետօ Տէմիրճեան

«Արեւելք»ի  հարցերուն կը պատասխանէ  Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական՝ Պետօ Տէմիրճեանը։

 

-Ե՞րբ եւ ի՞նչ նպատակներով հիմնուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի ներկայացուցչութիւնը:


Արցախի հանրապետութեան՝ Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցչութիւնը իր աշխատանքները պաշտօնապէս սկսած է սեպտեմբեր 1999 թուականին, երբ այն օրերու նախագահ Արկատի Ղուկասեան մշտական ներկայացուցիչ նշանակեց մասթըր Կարօ Քէպապճեանը, որ արդէն Արցախի մէջ ծանօթ դէմք էր, ազատագրական պայքարին մէջ բերած իր մասնակցութեան շնորհիւ:

Ներկայացուցչութիւնը հիմնուեցաւ, որ ներկայացնէ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները Մերձաւոր Արեւելքին մէջ, նկատի առնելով նաեւ շրջանի հայ գաղութներու ներկայութիւնն ու կարեւորութիւնը հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի համար: Մերձաւոր Արեւելքի կազմակերպուած, քաղաքականապէս, մշակութապէս եւ տնտեսապէս հաստատուն  գաղութները, մեծ դեր կատարեցին ու կը կատարեն Արցախի վերելքին մէջ: Ներկայացուցչութիւնը համադրողն է եւ իշխանութիւններուն հետ համագործակցելով՝ այդ ներուժը կը մղէ ճիշդ ուղղութեամբ, ճիշդ տեղը:

 

-Ի՞նչ է ձեր աշխատանքի ընդհանուր ծիրը եւ ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէք:


Մշտական ներկայացուցչութիւնը իր գործունէութիւնը առաջ կը տանի առաջին հերթին Արցախի հանրապետութեան նախագահի 2017-2020 ժամանակաշրջանի ծրագրին մէջ նշուած Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններով, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ստացուած յանձնարարականներով։ Ստեփանակերտի մէջ  անցնող  տարուան յուլիսին տեղի ունեցան Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրման 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները, որոնց ընթացքին աշխարհով մէկ սփռուած Արցախի ներկայացուցիչները հաւաքուած էին եւ շարք մը  խորհրդակցութիւններ ունեցան պատասխանատու անձանց եւ կառոյցներու հետ, որոնց ընթացքին նաեւ ստացան նոր յանձնարարականներ:

Օրինակի համար՝ աշխատիլ գործարար շրջանակներու հետ՝ Արցախի մէջ տնտեսական ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ: Քաղաքական գործունէութեան կողքին՝ մենք յաւելեալ ջանք պիտի թափենք նաեւ տնտեսական ուղղութեամբ: Խորհրդակցութեանց ժամանակ մեզ տեղեկութիւններ տրամադրուեցան, թէ ինչ ծրագիրներ կարելի է իրագործել եւ ինչ պայմաններով ներդրողներուն համար, փոքր, թէ մեծ մակարդակի ներդրում, կարեւոր չէ. հիմնականն այն է, որ ներդրողն ճիշդ տեղեկացուած ըլլայ եւ ճիշդ ձեւով ուղղուած ըլլայ:

Իսկ հիմնական առաջնահերթութիւններն են Արցախի հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը, տարբեր երկիրներու հետ երկկողմանի կապերու զարգացումն ու խորացումը, ազրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան խաղաղ լուծումը հիմնուած Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման փաստի վրայ, արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումն ու ներդրումներու ապահովումը, հայկական սփիւռքի հետ համագործակցութեան ամրապնդումն ու ա'լ աւելի խորացումը, ինչպէս նաեւ պետութեան հզօրացման եւ Արցախի հասանելիութեան եւ ճանաչողութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած գործունէութիւնները, մամուլի մէջ, ակադեմական  շրջանակներու մէջ, զբօսաշրջութեան, թէ քաղաքական շրջանակներու մէջ:

 


 

-Լիբանանեան շրջանակներ ի՞նչ պատկերացում ունին Արցախի մասին, արդեօք այդ առումով ծանօթացնելու աշխատանքներ կը տանի՞ք: Կը խօսուի նաեւ Հայաստան-Լիբանան տնտեսական համագործակցութեան աշխուժացման մասին, արդեօք Արցախ -Լիբանան յարաբերութիւններու առումով ոեւէ աշխատանք կը ծաւալէ՞ք:


Վերը արդէն նշեցի, աշխատանքներու այդ լայն շրջանակին մէջ, օրինակ, տեղ կը գտնէ նաեւ ակադեմական շրջանակներու հետ համագործակցութիւնը: Ինչպէս դուք ալ արդէն տեղեակ էք, եւ ձեր կայքը օրին անդրադարձաւ, որ Լիբանանի մէջ գործող Հայկազեան համալսարանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Ստեփանակերտ, եւ կարգ մը կարեւոր համաձայնագիրներ ստորագրուեցան: Անոնցմէ մէկն է Հայկազեան համալսարանին եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիրը, որ առիթ պիտի տայ նախարարութեան պաշտօնէութեան՝ վերապատրաստուելու համար Հայկազեան համալսարանին մէջ: Համաձայնագիր մը կնքուեցաւ նաեւ Արցախի պետական համալսարանին հետ, որ համագործակցութեան լայն դռներ կը բանայ Ստեփանակերտի ակադեմական շրջանակներուն համար: Նոյն ժամանակ նաեւ, Ստեփանակերտի մէջ Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական հանդէսի ներկայացումն ալ տեղի ունեցաւ, որ Սփիւռք – Արցախ յարաբերութիւններու սերտացման կը նպաստէ:

Տեղեակ էք նաեւ, որ 2018 թուականին Արցախէն Լիբանան այցելեցին երկու մեծ պատուիրակութիւններ, որոնցմէ առաջինը կը ղեկավարէր Արցախի նախագահ պարոն Բակօ Սահակեանը: Երկու այցելութիւններուն ընթացքին, ահագին հանդիպումներ տեղի ունեցան զանազան շրջանակներու հետ, որոնցմէ կրնամ առանձնացնել Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի եղբայրացման համաձայնագրերու ստորագրումը Արցախի Կովսական եւ Մարտակերտ քաղաքներուն հետ: Գործնական բնոյթի աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են:

Ամրան ընթացքին՝ Լիբանանէն գործարարներու մեծ պատուիրակութիւններ այցելեցին Արցախ, որոնց ընթացքին զանազան համաձայնութիւններ ստորագրուեցան: Հայ, թէ արաբ – լիբանանցի շրջանակներ եւ գործարարներ, Արցախ նեդրումներ կը կատարեն: Մենք, իբր Մերձաւոր արեւելքի ներկայացուցչութիւն, ջանք կը թափենք եւ պիտի թափենք, որ նման այցերը շարունակական բնոյթ կրեն, համագործակցութեան շրջանակները ընդլայնենք, ինչպէս նաեւ Լիբանանի սահմաններէն դուրս՝ Մերձաւոր արեւելքի այլ երկիրներու մէջ եւս համագործակցութեան եզրեր գտնենք:

 

-Սփիւռքեան համայնքները, ձեր պարագային՝ Լիբանանի հայ համայնքը, ի՞նչ չափով ներգրաւուած է Արցախի տնտեսական եւ արտաքին քաղաքական կեանքին մէջ։


Լիբանանի հայութեան ներգրաւուածութիւնն ու նուիրումը անժխտելի է։ Բոլորին քաջածանօթ է: Սկսած արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի առաջին իսկ օրերէն լիբանանահայութիւնը իր մասնակցութիւնը ունեցած է արցախեան գոյապայքարին մէջ։ Լիբանանահայութեան եւ Արցախի միջեւ սերտագոյն կապերը կը շարունակուին, ներկայիս ընդգրկելով ընկերային, կրթական, տնտեսական բնագաւառը:

 

-Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն ներս Արցախի հիմնախնդիրն ի՞նչ չափով ներկայացուած է:


Նախ եւ առաջ, պէտք է նկատի ունենալ, որ Մերձաւոր արեւելքի երկիրներու գրեթէ բոլորը Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամներ են, ուր Ազրպէյճանը, ինչպէս ամէն կառոյցի մէջ որ գտնուի, կը փորձէ խեղաթիւրել հակամարտութեան էութիւնը, եւ իսլամական համերաշխութիւն կը քարոզէ Հայաստանի հանրապետութեան եւ Արցախի դէմ, մինչ ազրպէյճանա-արցախեան հակամարտութիւնը ոչ մէկ կապ ունի կրօնքի հետ, որ կը ներկայացնէ երկու տարբեր արժէքներու բախում՝ մէկ կողմէն իր ճակատագիրն ինքնուրոյն եւ ազատ տնօրինելու Արցախի ժողովուրդի ձգտումն է, իսկ միւս կողմէ՝ այդ օրինական ձգտումներուն հակառակ՝ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ զէնքի ուժով ճնշելու քաղաքականութիւնը։

Հաշուի առնելով տարածաշրջանի առանձնայատկութիւնները՝ ներկայացուցչութիւնը կը կարեւորէ լրագրողական, ակադեմական շրջանակներու մէջ ծաւալուն աշխատանքներու իրականացումը՝ ուղղուած Արցախի մասին տեղեկացուածութեան մակարդակի բարձրացման, հակամարտութեան էութիւնն աւելի լայն  լուսաբանելու եւ ճիշդ տեղեկատւութեան տարածումը՝ այն ներկայացնելով որպէս Արցախի ժողովուրդի կողմէ ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկումի եւ ասոր ի պատասխան՝ Ազրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութեանց սանձազերծում: Այս առումով, պէտք է նշել, որ տարածաշրջանի հայկական գործօնը ունի բաւականին մեծ ներուժ, եւ համոզուած եմ, որ միասնաբար մենք կրնանք հասնիլ աւելի գոհացուցիչ արդիւնքներու։

 

 

(Լուսանկարը՝  Պետօ  Տէմիրճեան   եւ  Մասթըր Կարօ  Քէպապճեան. Փետրուար 2018-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատունէն ներս տեղի ունեցած լուսանկարներու ցուցադրութեան ընթացքին, նուիրուած Արցախեան շարժման 30-ամեակին:)