image

Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի հարիւր բանաստեղծութիւնները՝ հայաստանցի գրասէրներու սրտերուն մէջ

Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի հարիւր բանաստեղծութիւնները՝ հայաստանցի գրասէրներու սրտերուն մէջ

Երեւանի մէջ, օրերս գրական հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է նուիրուած պոլսահայ մեծանուն բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 100-ամեակին, որու ընթացքին ներկայացուած է «Զարեհ Խրախունի. 100 բանաստեղծութիւն» հատորը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Նաիրա Մկրտչեան-Սիւզմէ, Երեւան.- 

Երեւանեան արձակուրդիս յիշարժան օրերէն մէկը անտարակոյս եղաւ պոլսահայ մեծանուն բանաստեղծ, «Մարմարա»ի երկարամեայ աշխատակից Զարեհ Խրախունիի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած գրական հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանին մէջ։

Օրը ինծի համար առանձնակի էր իր նշանակութեամբ, որովհետեւ ո՛չ միայն առիթ ունեցայ ներկայ գտնուելու այս մշակութային ձեռնարկին, այլեւ «Մարմարա» օրաթերթի ընտանիքին անունով սրտի խօսք ուղղելու ներկաներուն։

***

«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին համատեղ նախաձեռնութեամբ լոյս տեսաւ «Զարեհ Խրախունի. 100 բանաստեղծութիւն» հատորը, որ կը մէկտեղէ բանաստեղծի ստեղծագործական կեանքի զանազան շրջաններէն ընտրուած հարիւր ստեղծագործութիւններ։

Հատորը կազմած է գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեան է, որ երկար տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն կը զբաղի Խրախունիի գրական ժառանգութեան ուսումնասիրութեամբ։ 

Միջոցառումը տեղի ունեցաւ 25 Մայիսի կէսօրուայ ժամերուն։ Հանդիսութեան մթնոլորտը սովորական գիրքի շնորհանդէսի սահմաններէն անդին կը տարածուէր։ Դահլիճին մէջ զգալի էր այն ջերմութիւնը, որ կը ստեղծուի, երբ գրականութիւնը կը վերածուի հանդիպման վայրի՝ սերունդներու, աշխարհագրական տարբեր կէտերու եւ հոգեւոր կապերով միացած մարդոց միջեւ։

Ներկայ էին համալսարանի ղեկավար կազմի անդամներ, դասախօսներ, ուսանողներ, գրականագէտներ, մշակութային գործիչներ եւ ընթերցասէրներ։  Հայրենիք հասած էին նաեւ բանաստեղծին հարազատները՝ դուստրը Նորա Համբարձումեան, փեսան Ալէն Համբարձումեան, որդին՝ Յարօ Ճիւմպիւշեան եւ թոռնիկը՝ Արի-Պարթեւ Ճիւմպիւշեան, որոնց ներկայութիւնը յատուկ յուզական երանգ մը հաղորդեց ձեռնարկին։

Հանդիսավարն էր նորատիպ հատորի խմբագիր, գրականագիտուհի, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Քնարիկ Աբրահամեան, որ ելոյթ ունեցողները բեմ կանչելուն առընթեր, մերթ ընդ մերթ տեղ տուաւ նաեւ արժեւորումներուն։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ համալսարանի ժամանակաւոր պաշտօնակատար-վերատեսուչ՝ Լիլիթ Մկրտչեան։ Ան նշեց, թէ համալսարանը պատիւ ունի իր յարկին տակ հիւրընկալելու այն ընտանիքը, որուն անունը անքակտելիօրէն կապուած է հայ ժամանակակից գրականութեան կարեւոր էջերէն մէկուն հետ։ Ան արժեւորեց նաեւ Համազգայինի հետ երկարամեայ գործակցութիւնը, որ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ մշակութային եւ հրատարակչական նախաձեռնութիւններու ծնունդ տուած է։ Վերատեսուչի պաշտօնակատարը ընդգծեց, որ բանաստեղծ Խրախունիի ստեղծագործական աշխարհը եզակի կամուրջ մըն է հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ, իսկ նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները կարեւոր դեր կը կատարեն սերունդներու միջեւ հոգեւոր կապերը ամրապնդելու գործին մէջ։ 

Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեան իր ելոյթին մէջ Զարեհ Խրախունին ներկայացուց որպէս այն բացառիկ հեղինակներէն մէկը, որոնց ստեղծագործական ճանապարհը կը շարունակէ ներգործել նաեւ իրենց ֆիզիքական բացակայութենէն ետք։ Ան յիշեցուց բանաստեղծի այն միտքը, թէ մարդու կենսագրութիւնը իր անցեալն է, եւ աւելցուց, որ Խրախունին այսօր ալ իր գիրքերով ու գաղափարներով կը շարունակէ ապրիլ ընթերցողներու մէջ։ Ըսաւ որ հայ շատ մը բանաստեղծներ կրնային երազել այնպիսի գրական ուղի մը, ինչպիսինէ անցած է Զարեհ Խրախունին։ Մէջբերելով բանաստեղծին խոհերէն մէկը՝ թէ մարդու կենսագրութիւնը իր անցեալն է», Դանիէլեան նկատել տուաւ, որ Խրախունիի պարագային այդ անցեալը այսօր ալ կը շարունակէ ներկայ մնալ իր գիրքերուն եւ գաղափարներուն միջոցով։ Ըստ իրեն, բանաստեղծին ստեղծագործութիւնը ամբողջութեամբ ներծծուած է հայ ժողովուրդի պատմական ճակատագիրով, ազգային մտածողութեամբ եւ մարդուն ներաշխարհի խոր ուսումնասիրութեամբ։ Ան շեշտեց նաեւ, որ Խրախունին հայ բանաստեղծութեան մէջ ստեղծած է ինքնատիպ հորիզոն մը, որուն արժէքը ժամանակի ընթացքին աւելի եւս կը բացայայտուի։

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան իր ելոյթին մէջ Խրախունին բնորոշեց որպէս հեղինակ մը, որ իր ստեղծագործութիւններով ուրոյն էջ մը բացած է հայ գրականութեան պատմութեան մէջ։ Ան յիշեցուց, որ բանաստեղծի գործերը միայն գեղարուեստական արժէք չեն ներկայացներ, այլ նաեւ ազգային ինքնութիւնն ու պատմական յիշողութիւնը փոխանցելու ուղղութեամբ կենդանի վկայութիւններ են։ Առաքելեան յատկապէս անդրադարձաւ «Լեռը» բանաստեղծութեան գաղափարական շերտերուն՝ նշելով, որ անիկա կը մարմնաւորէ հայ ինքնութեան վերելքի, դիմադրութեան եւ շարունակական ձգտումի խորհուրդը։  

Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան իր կարգին յիշեցուց, որ ժողովուրդներու մշակութային շարունակականութիւնը ապահովող գլխաւոր միջոցներէն մէկը մեծանուն բանաստեղծներու հատորներու վերհրատարակութիւնն ու զայն նոր սերունդներուն փոխանցումն է։ Ան Խրախունին բնորոշեց որպէս երեւոյթ հայ գրական կեանքին մէջ։

Խօսք առին նաեւ գրողի մտերիմ բարեկամներէն եւ ուսումնասիրողներէն Կարօ Աբրահամեանն ու Աշոտ Գալստեանը, որոնք տարբեր տեսանկիւններէ լուսաբանեցին Խրախունիի մարդկային եւ գրական դիմագիծը։ Անոնք յիշեցուցին բանաստեղծին համեստութիւնը, մտաւոր ազնուականութիւնը եւ հայ մշակոյթին նկատմամբ անսակարկ նուիրումը։

«Մարմարա» օրաթերթի ընտանիքին անունով արտասանած խօսքիս մէջ ես եւս անդրադարձայ այն բացառիկ տեղին, զոր Զարեհ Խրախունին կը գրաւէ պոլսահայ գրականութեան մէջ։ Նշեցի, որ անոր անունը միայն բանաստեղծական ստեղծագործութեան հետ չէ կապուած, այլ կապուած է նաեւ այն հոգեւոր միջավայրին, որուն մէջ սերունդներ կրթուած եւ ներշնչուած են։ Խրախունիի գրական ժառանգութիւնը այսօր եւս կը շարունակէ խօսիլ հայ ընթերցողին հետ՝ անկախ աշխարհագրական հեռաւորութիւններէն, որովհետեւ անոր գրիչին մէջ միաձուլուած են մարդը, հայրենիքը, յիշողութիւնն ու ժամանակը։

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը յատուկ շուք ստացաւ դերասան Արամ Կոստանեանի ընթերցումներով, որոնց շնորհիւ Խրախունիի տողերը կրկին կենդանացան դահլիճին մէջ՝ փոխանցելով բանաստեղծին մտածողութեան խորութիւնը եւ ներաշխարհի նրբերանգները։

Օրուան ամէնէն յուզիչ պահերէն մէկը Նորա Ճիւմպիւշեան-Համբարձումեանի շնորհակալական խօսքն էր։ Ան ընտանիքին անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն, նշելով, թէ խորապէս յուզուած է տեսնելով, որ հայրենի հողին վրայ Զարեհ Խրախունիի անունն ու գրական ժառանգութիւնը կը շարունակեն սիրուիլ, գնահատուիլ եւ նոր ընթերցողներ գտնել։ 

Վերջաւորութեան, Փրօֆ. Աելիթա Տոլուխանեան յիշեցուց ֆրանսացի մեծ հայագէտ Ժան-Փիեռ Մահէի գնահատականը. այս վերջինը իր գրութեան մէջ Զարեհ Խրախունին դասած է հայ գրականութեան մեծանուն ներկայացուցիչներու շարքին՝ ընդգծելով անոր ստեղծագործութեան մնայուն արժէքը։ 

Յաջորդեց ընդունելութիւնը, որու ընթացքին ներկաները առիթն ունեցան տպաւորութիւնները բաժնելու մէկզմէկու հետ։ Ճիւմպիւշեան եւ Համբարձումեան ընտանիքի անդամները եւ ձեռնարկի կազմակերպիչները միասնաբար կտրեցին տօնական կարկանդակը։

***

Գրականութեամբ եւ յիշողութիւններով լեցուն օրը դահլիճի պատերէն ներս չաւարտեցաւ։ Ճիւմպիւշեան եւ Համբարձումեան ընտանիքներու անդամները, գրականութեան բարեկամներն ու մշակոյթի գործիչները օրը աւարտին հասցուցին հայկական համով ու հոտով առլեցուն մթնոլորտի մէջ, ճաշի մտերմիկ սեղաններու շուրջ։ Այդ սեղաններուն վրայ դարձեալ ներկայ էին օրուան գագաթային պահերը, Զարեհ Խրախունիի յիշատակը, Պոլսահայ գրական կեանքին առնչակից յուշերն ու խորհրդածութիւնները, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ համայնքային իրականութեան վերաբերեալ զրոյցները։

Այդ երեկոն անգամ մը եւս փաստեց, որ իսկական գրականութիւնը ժամանակի սահմաններ չի ճանչնար. կը շարունակէ միացնել սերունդներ, կամուրջներ հաստատել հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ, եւ նոր կեանք պարգեւել այն անուններուն, որոնք իրենց գրիչով հարստացուցած են հայ մշակոյթի գանձարանը։ Զարեհ Խրախունին անոնցմէ մէկն է, եւ այս հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը արժանի տօնախմբութիւն մըն էր նուիրուած՝ այդ հարուստ ժառանգութեան։