ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Դատախազութեան հիմնադրման օրուան նուիրուած միջազգային համաժողովին, որուն առանցքային թեման էր ապօրինի ճանապարհով ձեռք բերուած գոյքի յայտնաբերումը, բռնագանձումը եւ կառավարումը։
Իր ելոյթին մէջ Փաշինեան շնորհաւորեց դատախազութեան աշխատակիցները եւ ընդգծեց, որ ապօրինի գոյքի բռնագանձման համակարգը պէտք չէ դիտարկել միայն նախկին պաշտօնեաներու գործունէութեան ծիրէն ներս։ Անոր խօսքով՝ այս համակարգը նաեւ ընթացիկ հակակոռուպցիոն պայքարի կարեւոր գործիք է՝ գործող պաշտօնեաներուն յստակ ազդակ տալու, որ ապօրինի հարստացման ճանապարհը հեռանկար չունի։
Վարչապետը մտահոգիչ համարեց հակակոռուպցիոն քաղաքականութեան մէջ արձանագրուող լճացումը եւ նշեց, որ նոր կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է ժողովրդավարական բարեփոխումներու փաթեթը «վերագործարկելը»։
Փաշինեան նաեւ շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ արդարութիւնը եւ արդարադատութիւնը պէտք է կապուած ըլլան օրինականութեան հետ, իսկ այդ օրինականութեան աղբիւրը ժողովուրդն է։ Ան նշեց, որ այսօր արդարադատութիւնը յաճախ հասանելի է միայն «էլիտաներ»ուն, եւ այս խնդիրը պէտք է բաց ու յստակ կերպով հասցէագրել։