image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ բնական կազը պիտի չսղի

Հայաստանի մէջ բնական կազը պիտի չսղի

Սոյն թուականի յուլիս 1-ին՝ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի (ՀԾԿՀ) նախագահ Մեսրոպ Մեսրոպեանի գլխաւութեամբ տեղի ունեցած նիստին համապատասխան որոշում կայացուած է, որու հետեւանքով Հայաստանի մէջ բնակիչ-բաժանորդներու համար բնական կազի սակագիները պիտի չփոխուի։

Կազամատակարարման համակարգին մէջ կարգաւորուող սակագիներու հաշուարկման մեթոտաբանութեան պահանջներէն ելլելով՝ յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ սկսած սակագիներու վերանայման գործընթացի շրջածիրէն ներս սակագիներու վրայ ազդող դրական եւ բացասական բոլոր գործօններու արդիւնքով վերանայուած է բնական կազի փոխադրման, բաշխման եւ կազամատակարարման համակարգի գործարկողի ծառայութիւններու սակագիները, որոնք չեն անդրադառնար բնակիչներու վճարներու վրայ։

Այսպիսով, բնակիչ-բաժանորդներու համար բնական կազի սակագիները պիտի մնան անփոփոխ։ Որոշումն ուժի մէջ պիտի մտնէ 2026 թուականի օգոստոս 1-էն։