image

Ըստ Սաֆարեանի յառաջիկային Ռուսիոյ հետ շփումներ պիտի ըլլան

Ըստ Սաֆարեանի յառաջիկային Ռուսիոյ հետ շփումներ պիտի ըլլան

Հայաստանի Հանրապետութիւնը շահագրգռուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ երկխօսութեամբ։ Այս մասին, այսօր՝ յուլիս 1–ին, Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը։

«Մենք հետաքրքրուած ենք երկխօսութեամբ, հետաքրքրուած ենք մեր յարաբերութիւնների շարունակմամբ։ Առաջիկայում շփումներ կը լինեն»,–ըսած է դիւանագէտը` պատասխանելով երկկողմ յարաբերութիւններու մասին հարցին:

Ինչ կը վերաբերի առանձին հանդիպումներուն, ապա Սաֆարեանը նշած է եթէ նման հանդիպումներ ըլլան, անպայման պիտի տեղեկացնեն, եւ աւելցուցած է անպայման պիտի ըլլան։