image

Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութիւնը երկու ուսանողներու մրցանակներ շնորհեց

Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութիւնը երկու ուսանողներու մրցանակներ շնորհեց

Հայագիտական Ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) յայտարարեց, թէ ընտրած է 2026ի գարնանային կիսամեակի շրջանաւարտ ուսանողներու յատուկ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կամ խորհրդաժողովներու ընթացքին ներկայացուած զեկոյցներէն երկու լաւագոյնները։

Կիսամեակին մրցանակակիր ուսանողներն են՝ Արմէն Մանուկ Խալոյեան եւ Տիանա Եայլոյեան։

Ընտրուած ուսանողներէն իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ 1000 տոլարի մրցանակ մը։

Մրցանակակիրներուն եւ անոնց ուսումնասիրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել societyforarmenianstudies.com կայքէջը։