ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը յուլիս 1-ին ընդունած է Գերմանիոյ դեմոկրատական հանրապետութեան Պունտեսթակի ճգնաժամերու կանխարգելման, ռազմավարական կանխատեսումներու, կայունացման եւ խաղաղութեան խթանման ենթայանձնաժողովի նախագահ, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Եոհաննէս Ֆոլքմանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրերը՝ Ռուբէն Ռուբինեանն ընդգծած է ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւնները խորացնելու Հայաստանի ձգտումը եւ այդ պարունակին մէջ բարձր գնահատած Հայաստան-Գերմանիա փոխգործակցութիւնը:
Ազգային ժողովի փոխնախագահը պատասխանած է պատուիրակութեան անդամներու հարցերուն՝ անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն ու հետագայ աշխատանքներուն, ծրագիրներուն: