image

Նախընտրական պայքարին ընդառաջ Վանէցեան այցելած է Վայոց Ձոր

Նախընտրական պայքարին ընդառաջ Վանէցեան այցելած  է Վայոց Ձոր

«Պատիւ ունեմ» դաշինքի վարչապետի թեկնածու՝ Արթուր Վանէցեան դաշինքի անդամներու հետ 22 մայիսին այցելած է Վայոց Ձորի մարզ, զրուցած բնակիչներու հետ, գոյքագրած անոնց խնդիրները, որոնց առանցքին անվտանգային հարցերն են։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Դաշինքը:

Խնդիրները շատ են՝ արօտավայրերու պակաս, ոռոգման ջուրի սակաւութիւն, բերքի իրացման նուազ հնարաւորութիւն, գիւղատնտեսական վարկեր, վատ ճանապարհներ եւ այլն։ Դաշինքի անդամները այցելած են նաեւ ձիաբուծարան, զրուցած տնտեսութեան ներկայացուցիչներու հետ եւ տեղեկացած, որ այս ոլորտին մէջ նոյնպէս բազում խնդիրներ կան։ Մարզէն ներս նաեւ աշխատատեղերու պակաս կայ։

 «Պատիւ ունեմ» դաշինքի անդամները Վայոց ձորէն հեռացած են՝ բնակիչներուն վստահեցնելով, որ մարզի խնդիրները պիտի ըլլան իրենց ուշադրութեան առարկայ։