Սագօ Արեան Լրագրողի Էջ-էն կը կարդանք ՝
Քրիստոնէական միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ խորհրդանշական նշանակութիւն ունեցող դէպք մը արձանագրուեցաւ Երուսաղէմի մէջ։ Քանթըրպըրիի 106-րդ արքեպիսկոպոս Տէյմ Սարա Մուլալլի, որ 2026-ին դարձաւ Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջին կին առաջնորդը՝ 1400-ամեայ պատմութեան մէջ, իր առաջին պաշտօնական այցերէն մէկը կատարեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան՝ հանդիպելով Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Այս հանդիպումը յատուկ ուշադրութեան արժանի է, որովհետեւ Արեւելեան, Ուղղափառ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցական աւանդութեանց մէջ կիներու քահանայական կամ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ընդունուած չէ։ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ գոյութիւն ունեցած է սարկաւագուհիներու յատուկ աւանդութիւն, սակայն քահանայութեան եւ եպիսկոպոսութեան կարգը մինչեւ այսօր կը պահուի արական հոգեւորականութեան սահմաններուն մէջ։
Այդ պատճառով ալ Տէյմ Սարա Մուլալլիի նման կին առաջնորդի հանդիպումը հայ բարձրաստիճան հոգեւորականի մը հետ պէտք չէ դիտել իբրեւ եկեղեցական կարգի կամ ձեռնադրութեան փոխադարձ ընդունում, այլ՝ որպէս միջեկեղեցական յարգանքի, երկխօսութեան եւ քրիստոնէական ներկայութեան արտայայտութիւն Սուրբ Երկրի բարդ պայմաններուն մէջ։ Այս իմաստով, հանդիպումը «արգիլուած» քայլ մը չէ, այլ՝ դիւանագիտական եւ հոգեւոր քաղաքավարութեան ընդունուած ձեւ մը, թէեւ աստուածաբանական առումով Հայ Եկեղեցին եւ Արեւելեան եկեղեցիները կը շարունակեն պահել իրենց աւանդական դիրքորոշումը կիներու քահանայական եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան հարցին մէջ։
Քանթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս՝ Տէյմ Սարա Մուլալլի Կատարեց իր Առաջին Պաշտօնական Այցը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան Կիրակի, 21 Յունիս 2026-ին, ժամը 17:00-ին, Քանթըրպըրիի 106-րդ արքեպիսկոպոս Տէյմ Սարա Մուլալլի, ընկերակցութեամբ Երուսաղէմի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Անկլիքան եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Տ. Հուսամ Արքեպիսկոպոս Նաումի, ինչպէս նաեւ այլ եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու, կատարեց իր առաջին պաշտօնական այցը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան։ Ան հանդիպում ունեցաւ Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամներուն հետ: Հանդիպման աւարտին, Քանթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց քարի վրայ գծագրուած գեղեցիկ պատկեր մը: Քանթըրպըրիի 106-րդ արքեպիսկոպոս Տէյմ Սարա Մուլալլին հաստատուած է 2026-ի Յունուարին եւ պաշտօնապէս գահակալած է Քանթըրպըրիի Մայր Տաճարին մէջ 2026-ի Մարտին: Արքեպիսկոպոս Սարան պատմութիւն կերտեց որպէս առաջին կինը, որ կը ստանձնէ այս պաշտօնը անոր 1400-ամեայ պատմութեան մէջ։





