Յառաջիկայ կիրակի 15 ապրիլին Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս միաբաններու:
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի ստանան միաբանութեան անդամներ ՝ Տ. Մեսրոպ ծ.վրդ. Սարգիսեան, Տ. Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան, Տ. Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան եւ Տ. Սիփան ծ.վրդ Քէչէճեան: Նշենք, որ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը եւ օծումը պիտի կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ այս առիթով ալ պիտի տայ յաւուր պատշաճի պատգամ մը:
Յիշեցնենք, որ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արժանի դարձած չորս միաբաններն ալ հովուական ծառայութիւն կ'իրականացնեն ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Միացեալ Նահանգներու (Արեւմտեան Թեմ) Քուէյթի եւ Սպահանի թեմերէն ներս: