Ատրպէյճանի մէջ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ արքեպիսկոպոս Վլատիքա Ալեքսանդր անցեալ ամիս հարցազրոյց մը տուաւ «Քրիստոնէութիւնն այսօր» (Christianity Today) ամսագրի թղթակից Ճէյսըն Քէսփըրի՝ անամօթաբար տարածելով ատրպէյճանական քարոզչութիւն՝ վատաբանելով հայերը եւ գովաբանելով Ատրպէյճանը։ Ան աւելի շատ խօսած է բռնապետ Իլհամ Ալիեւի խօսնակի պէս, քան՝ Աստուծոյ ծառայի։ Հոգեւորական մը, որ առանց տատանելու իր հոգին կը ծախէ սատանային․․․: Զարմանալի չէ, որ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը անմիջապէս տեղադրեց անոր հարցազրոյցը Դիմատետրի իր էջին մէջ:
Արքեպիսկոպոս Ալեքսանդր սկսաւ իր հարցազրոյցը՝ ըսելով, որ «Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ 1500 տարուան խզումը բարդացուցած է յարաբերութիւնները: Մենք ունինք ընդհանուր սուրբ գիրքեր եւ աւանդոյթներ, բայց յարաբերութեան մէջ չենք»։
Ռուս արքեպիսկոպոսը գիտակցաբար ստեց` ըսելով, որ «Ատրպէյճան ունի բազմամշակութային ընկալման բարձր մակարդակ եւ կը պահպանէ կրօնական յուշարձանները: Պաքուի մէջ հայկական եկեղեցիներն ու գրադարանները պահպանուած են: Խաղաղութեան պայմանագրի ստեղծման պարագային՝ այդ յուշարձանները դարձեալ կ՛օգտագործուին, այնպէս, ինչպէս պէտք է»։ Արքեպիսկոպոս Ալեքսանդր կը սխալի: Պաքուի մէջ գործող հայկական եկեղեցիներ չկան:
Տարօրինակ է, որ ռուս արքեպիսկոպոսը մեղադրեց «հայերը՝ իրենք զիրենք խաբելու յանցանքով»: Ան ըսաւ, որ հայերը «շատ կը ցաւին, որ ստիպուած եղած են լքելու» Ատրպէյճանը: Արքեպիսկոպոսը հաւանաբար մոռցած էր Սումկայիթի, Պաքուի եւ Ատրպէյճանի այլ հատուածներու մէջ ատրպէյճանցիներու կողմէ անմեղ հայերու դէմ ի գործ դրուած կոտորածները:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ արդեօք ան կը փափաքէ՞ր հեռաձայնել Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, ռուս արքեպիսկոպոսը հեգնանքով պատասխանեց. «Ես անոր հեռաձայնին թիւը չունիմ (ժպտելով)»:
Ի պատասխան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին զրուցավարի մէկ հարցումին, ռուս արքեպիսկոպոսը կրկին ստեց՝ ըսելով, որ «Պէտք է շատ զգոյշ ըլլալ «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելու պահուն: Մենք ունինք շատ տխուր փաստեր՝ Ատրպէյճանի տարածքին հայկական ուժերու գործողութիւններուն մասին: Ունինք հայկական կողմի ձեռքով սպաննուած հազարաւոր ատրպէյճանցիներ, հետեւաբար, որո՞ւն պէտք է դիմել «ցեղասպանութիւն» բառով»։ Ապա ան աւելցուց․ «Ատրպէյճանցիները իրենց սրտին մէջ ատելութիւն չունին»՝ մոռնալով վերջին պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանցի զինուուորներուն կողմէ հայերու գլխատումները, տակաւին չխօսելով Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ աւելի կանուխ տեղի ունեցած ջարդերու մասին:
«Քրիստոնէութիւնն այսօր» ամսագիրը նշած է, որ Արցախեան վերջին պատերազմին սկիզբը ռուս արքեպիսկոպոսը «ստորագրած է ատրպէյճանական միջ-կրօնական նամակ՝ շնորհաւորելով նախագահ Իլհամ Ալիեւը ռազմական յաղթանակներու առիթով»:
Ի պատասխան այս հակահայկական յայտարարութիւններուն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան կոշտ նամակ մը յղած է ռուս ուղղափառ արքեպիսկոպոսին՝ քննադատելով զայն իր կեղծ մեղադրանքներուն համար. «Քրիստոնէութիւնն այսօր» ամսագրին ձեր տուած հարցազրոյցին պատասխանելը կը դիտուի որպէս ժամանակի եւ ջանքերի կորուստ, քանի որ կ՛ըլլայ պատասխան մարդու մը, որ զուրկ ըլլալով խոնարհութենէ, պատմական գիտելիքներէ, կը փորձէ խեղաթիւրել պատմական անվիճելի փաստերը, սակայն առաջին հերթին կը խեղաթիւրէ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ: Աւելին, ձեր ամբարտաւանութիւնը բաւական զարմանալի է Տիրոջ՝ Քրիստոսի հովիւին համար»:
«Դուք կը խօսիք միասին ապրելու ուղիներ փնտռելու մասին: Անշուշտ, մենք համաձայն ենք, որ երկու կողմերն ալ պէտք է միասին ապրելու ուղիներ գտնեն: Սակայն, երբ մէկ դար առաջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած երկիրը՝ սպաննելով մէկուկէս միլիոն անմեղ հայեր, կը մերժէ ընդունիլ ակնյայտ փաստերը, եւ, ասկէ զատ, բացայայտօրէն կ՛աջակցի Ատրպէյճանի, դժուար է համատեղ կեանքի ուղիներ գտնել: Աւելին, երբ նոյն երկիրը կը ղեկավարէ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները, կ՛ուղարկէ յատուկ նշանակութեան իր ջոկատները, հազարներով կը հաւաքագրէ արմատական իսլամիստներ՝ քրիստոնեայ հայերը սպաննելու համար, դժուար կը դառնայ հաշտուիլը: Երբ այդ երկրի ղեկավարը կը խոստանայ «շարունակել կատարել այն առաքելութիւնը, զոր մեր պապերը դարեր շարունակ կատարած են Կովկասի մէջ» (Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, 24 Յուլիս, 2020), չէ՞ք կարծեր, որ հաշտութեան փորձերը կասկածի տակ կ՛առնուին»:
«Դուք կ՛ըսէք, որ հայերը ատելութեամբ լեցուած են Ատրպէյճանի հանդէպ: Երբ ատրպէյճանական բանակի սպան կը կացնահարէ հայոց բանակի քնացած սպան եւ հետագային այդ ոճիրը կը ներուի անոր՝ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ, ապա ան ոչ միայն կ՛ազատի պատիժէն, այլեւ նոյն նախագահին կողմէ կը ստանայ Ատրպէյճանի «հերոս»ի կարգավիճակ, ձեզմէ կը խնդրեմ, որ դուք տաք ատելութեան սահմանումը։ 26 Մայիս, 2020ին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը յայտարարեց, որ «ըստ իրեն, Ռամիլ Սաֆարովի դէմ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու պատիժ չկիրարկելը եւ, փաստօրէն, զայն անպատիժ ձգելը՝ ատելութեան հողի վրայ կատարած ծանր յանցանքին համար, ոչ մէկ արդարացում ունի»։ Արդեօք իսկական ատելութիւն չէ՞ ընկերային ցանցերու մէջ տեսանիւթերու կանխամտածուած տարածումը, թէ ատրպէյճանցի զինուորները ինչպէ՛ս ցնծալով կը սպաննեն, մաշկազերծ կ՛ընեն եւ կը գլխատեն հայ ռազմագերիները»։
«Դուք կը պնդէք՝ ըսելով, որ «Ատրպէյճան ունի բազմամշակութային ընկալման բարձր մակարդակ եւ կը պահպանէ իր կրօնական յուշարձանները: Պաքուի մէջ հայկական եկեղեցիներն ու գրադարանները պահպանուած են»: Ինչպէ՞ս կրնաք նման անխոհեմ բան պնդել, երբ գոյութիւն ունի տեսանիւթ՝ Նախիջեւանի մէջ հայկական խաչքարերու նպատակային ոչնչացման մասին, որ համակարգուած կերպով կ՛իրականացուի՝ տարածաշրջանին մէջ հայկական ժառանգութեան բոլոր հետքերը ընդմիշտ ջնջելու նպատակով»:
«Դուք կ՛ըսէք, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը բաւարար ջանքեր չի գործադրեր խաղաղութեան հաստատման համար։ Յիշեցնեմ, որ 2010ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ուղեւորուեցաւ Ատրպէյճան, հանդիպում ունեցաւ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի (Ատրպէյճանի մեծ մուֆթի) եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Պաքուի մէջ խաղաղ բանակցութիւններու ստեղծման համար»:
«Ձեր հարցազրոյցի պատասխաններուն արձագանգելը իսկապէս անօգուտ է, քանի որ պատմութեան եւ ճշմարտութեան հանդէպ յարգանքի բացակայութիւնը ակնյայտ է»:
Ասոնք սուր խօսքեր են՝ ուղղուած մէկ հոգեւորականէն միւսին։ Ես կ՛առաջարկեմ, որ մնացեալ միւս հայ հոգեւորականները եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդ նամակներ գրեն Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի, որ բացառիկ իրաւասութիւն ունի Ատրպէյճանի ռուս ուղղափառ քրիստոնեաներու նկատմամբ՝ բողոքելով արքեպիսկոպոս Ալեքսանդրի ամօթալի յայտարարութիւններուն դէմ։
Զարմանալիօրէն, 25 Յունիս 2017ին Ալեքսանդր արքեպիսկոպոս Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Մոսկուայի պատրիարքարանին կողմէ պարգեւատրուած է մետալով՝ միջ-կրօնական երկխօսութեան խթանման եւ ամրապնդման գործին մէջ իր նշանակալի աւանդին համար: Պատրիարք Քիրիլ, իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ գովաբանած է արքեպիսկոպոս Ալեքսանդրը՝ «յատուկ նրբանկատութեամբ եւ դիւանագիտական հմտութիւններով իր աշխատանքը այդ երկրին մէջ (Ատրպէյճան) կատարելուն համար, ուր իրարու հետ կողք-կողքի կ՛ապրին զանազան դաւանանքներու եւ ազգութիւններու ներկայացուցիչներ»:
Ակներեւ է, որ հայերու մասին այսպիսի կեղծ յայտարարութիւններ ընելէ ետք արքեպիսկոպոս Ալեքսանդր ձախողած է իր «միջ-կրօնական» պարտականութիւններուն մէջ: Պատրիարք Քիրիլը պէտք է յորդորել, որ ետ վերցնէ անոր տրուած մետալը:
Հասկնալի է, որ արքեպիսկոպոս Ալեքսանդր կը փորձէ հաճոյանալ Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի: Այսուամենայնիւ, Աստուծոյ ծառան պէտք չէ ստէ որեւէ պատճառով կամ որեւէ պարագայի: Պատրիարք Քիրիլ պէտք է ըսէ արքեպիսկոպոս Ալեքսանդրի, որ պարտի ներողութիւն խնդրել իր սուտերուն համար, այլապէս պէտք է, որ զայն զրկէ հոգեւորականի աստիճանէն:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան