Ռուսական «Նեզաւիսիմայա» թերթը 29 մայիսին յօդուած մը հրապարակած էր, ուր նշած էր, թէ ամենայն հաւանականութեամբ ԱՄՆ Սուրիոյ մէջ որոշ զիջումներու կը դիմէ ի շահ Ռուսիոյ, նկատի ունենալով Սուրիոյ հարաւային շրջանի անկայուն վիճակը, փոխարէնը ապահովելով Ռուսիոյ կողմէ իրանեան ուժերու հեռացումը Սուրիոյ հարաւային սահմաններէն:
Նշենք, որ օրեր առաջ, Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Ալ Մուալլէմ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ բարձր գնահատելով իրանեան ուժերու կողմէ ցուցաբերուած օժանդակութիւնը, շնորհակալութեան խօսք ուղղած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, միաժամանակ դիտել տալով, որ փոխադարձ համաձայնութիւն կայացած է, կապուած սուրիական հողերէն իրանեան ուժերը հեռացնելու հետ:
Այս առթիւ սուրիացի խորհրդարանական պատգամաւորներ «Lebanon 24» լրատուական կայքին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած են, որ յետ այսու անհնար է իրանցի խորհրդականները Սուրիոյ մէջ պահելը, եւ այն կապուած է ոչ թէ ամերիկեան ռազմակայաններու հետ, այլ Իսրայէլի հետ ունեցած բախումներուն հետ:
Այլ խօսքով, Մուալլէմի խօսքը վերլուծելով կարելի է հասկնալ, որ իրանեան ուժերու հեռացումը անխուսափելի է:
Միաժամանակ նշենք, որ իրանեան աղբիւրներ յայտնած են, որ Իրան արդէն իսկ սկսած է հեռացնել իր զինուորներն ու խորհրդականները Սուրիոյ հարաւէն: