image

«Ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեմ այս ծանր բեռէն պատուով դուրս գալու համար».Իրանցի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի

«Ամէն ճիգ ի գործ  պիտի դնեմ     այս ծանր բեռէն պատուով  դուրս գալու համար».Իրանցի նորընտիր  նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի

 Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած,  որպէս երկրի նախագահ  առաջին մամլոյ ասուլիս    ընթացքին    Իպրահիմ Ռաիսի    ըսած է, որ «Ամէն ճիգ ի գործ  պիտի դնեմ     այս ծանր բեռէն պատուով  դուրս գալու համար»։

 

 Նշենք,  որ     երկրի    Կեդրոնական Ընտրական   Յանձանժողովին կողմէ   հրապարակուած վերջին տուեալներով Ռայիսի ստացած է         17 միլիոն  950  հազար քուէ։

  «Արեւելք»ի  ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ 61-ամեայ Ռաիսի  կը    համարուի Իրանի Իսլամական  Հանրապետութեան    հոգեւոր առաջնորդ  Այաթոլլա  Խամէնիյիի      ամէնէն  երեւելի  ու նաեւ  վստահելի  գործակիցներէն մին եւ  ան մինչեւ նախագահ ընտրուիլը զբաղեցուցած է  տասնեակ   կարեւոր  պաշտօններ։