Ծոմապահութեան եւ աղօթքի նուիրուած իսլամական Ռամատան ամսուան սկիզբէն ի վեր, Հալէպի Յոյն Ուղղափառ առաջնորդարանը օրական դրութեամբ սկսած է Ռամատանի ճաշ տրամադրել չքաւորներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «aleteia.org» կայքը՝ նշելովմ որ ասորիներու Սուրբ Եփրեմ եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդարանի կամաւորները Ռամատանի ճաշատեսակներ կը պատրաստեն, կը փաթեթաւորեն եւ ապա կը բաժնեն: Աղբիւրը կը նշէ, որ Հալէպի առաջնորդարանը այս կապակցութեամբ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ուր կ'սուի, թէ այս նախաձեռնութիւնը կը ծառայէ որպէս տարբեր կրօններու պատկանող քաղաքացիներու համերաշխութեան ապացոյց եւ միասնականութեան արտայայտութիւն: Կը նշուի նաեւ, որ նախաձեռնութիւնը Սուրիոյ մէջ համակեցութեան առաջին օրինակը չէր, ու պատերազմի բռնկումէն ետք, քրիստոնէական եկեղեցիններ ընդունած էին իսլամ որբ երեխաներ եւ զանոնք տեղաւորած եկեղեցապատկան տուներու մէջ, նախքան այդ կեդրոնի վրայ եղած հրթիռարձակումներն ու փլատակի վերածուիլը: Նշենք, որ Հալէպի չքաւորներուն ճաշ մատակարարող ասորի համայնքի առաջնորդ Եոհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոս եւ Յոյն Ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ Պուլոս Եազըճի 2013 թուականէն ի վեր առեւանգուած են ու ցարդ անոնց ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: