image
Հրատապ լուրեր:

Անգլերէն լեզուի մրցանքին մասնակցած հալէպահայ Քլարա Տլտլեան առաջին հանդիսացաւ

Անգլերէն լեզուի մրցանքին մասնակցած հալէպահայ Քլարա Տլտլեան առաջին հանդիսացաւ

Սուրիոյ կրթութեան նախարարութեան կողմէ դպրոցական աշակերտներու մակարդակով կազմակերպուող ամենամեայ մրցումներուն մասնակցած են նաեւ հալէպահայ աշակերտներ:  Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նշեց նաեւ, որ 6-րդ դասարանի աշակերտուհի հալէպահայ Քլարա Տլտլեան մրցումի նահանգային մակարդակով, անգլերէն լեզուի ճիւղին մէջ Հալէպի առաջնութիւնը  շահած էր:

Մրցումներու յաջորդ փուլը, որ երկրի մակարդակով կը կայանար, իրականացուեցաւ Թարթուսի մէջ, 3-15 մայիսին, ուր Քլարա Տլտլեան դարձեալ առաջին տեղը գրաւեց, դառնալով անգլերէն լեզուի Սուրիոյ ախոյեան:

Նշենք, որ Օլիմփիատայի յանձնաժողովը այսօր յայտարարծ է մրցումներու արդիւնքները: Քլարա Տլտլեան միակ յաղթող հալէպահայը չէ: Յաղթողներուն շարքին են նաեւ Անի Ճէրէշեան (դաշնամուր), Անդրանիկ Կիւլտարեան (ֆլիւթ) եւ Աննա Սաղպազարեան (ջութակ): Աւանդութեան համաձայն, յաղթողները քանի մը օրէն Դամասկոս պիտի մեկնին, ուր նախագահի կնոջ ձեռամբ գնահատագիրներ եւ դափնիներ պիտի ստանան, ինչպէս նաեւ քաջալերական նուէրներ: