Սուրիոյ կրթութեան նախարարութեան կողմէ դպրոցական աշակերտներու մակարդակով կազմակերպուող ամենամեայ մրցումներուն մասնակցած են նաեւ հալէպահայ աշակերտներ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նշեց նաեւ, որ 6-րդ դասարանի աշակերտուհի հալէպահայ Քլարա Տլտլեան մրցումի նահանգային մակարդակով, անգլերէն լեզուի ճիւղին մէջ Հալէպի առաջնութիւնը շահած էր:
Մրցումներու յաջորդ փուլը, որ երկրի մակարդակով կը կայանար, իրականացուեցաւ Թարթուսի մէջ, 3-15 մայիսին, ուր Քլարա Տլտլեան դարձեալ առաջին տեղը գրաւեց, դառնալով անգլերէն լեզուի Սուրիոյ ախոյեան:
Նշենք, որ Օլիմփիատայի յանձնաժողովը այսօր յայտարարծ է մրցումներու արդիւնքները: Քլարա Տլտլեան միակ յաղթող հալէպահայը չէ: Յաղթողներուն շարքին են նաեւ Անի Ճէրէշեան (դաշնամուր), Անդրանիկ Կիւլտարեան (ֆլիւթ) եւ Աննա Սաղպազարեան (ջութակ): Աւանդութեան համաձայն, յաղթողները քանի մը օրէն Դամասկոս պիտի մեկնին, ուր նախագահի կնոջ ձեռամբ գնահատագիրներ եւ դափնիներ պիտի ստանան, ինչպէս նաեւ քաջալերական նուէրներ: