image

Ամերիկահայերուն կարեւոր ձեռքբերումը. CNN -ը այսուհետեւ Արցախի զարգացումները անաչառ կերպով պիտի ներկայացնէ

Ամերիկահայերուն կարեւոր ձեռքբերումը. CNN -ը այսուհետեւ  Արցախի զարգացումները անաչառ  կերպով  պիտի ներկայացնէ

ԱՄՆ-ի հայաշատ Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ արդէն քանի մը օր բողոքի ցոյցեր իրականացնող հայ համայնքը հասած է նպատակին. CNN-ը կատարած է հայերուն պահանջը։

Յիշեցնենք՝ հայ բնակչութեան հիմնական բողոքը ԱՄՆ-ի ամենամեծ լրատուական գործակալութիւններէն մէկուն՝ CNN-ի մօտ էր:  Մեր  հայրենակիցները  կը պահանջէին, որ ամերիկեան լրատուամիջոցները  անկողմնակալ  կերպով լուսաբանեն ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող մարտերը, եւ ներկայացնեն իրականութիւնը Ազրպէյճանի յարձակման մասին։