«Արեւելք» ի հարցումներուն կը պատասխանէ Լոս Անճելըսի «ՄԱՍԻՍ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Գրիգոր Խոտանեան:
-Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները օրեր առաջ Սպիտակ Տան մէջ կնքուած համաձայնութենէն: Մէկ կողմէն Թրամբի, միւս կողմէն խաղաղութեան դաշինք կնքող երկու ղեկավարներու՝ Նաթանիահուի եւ Շէյխ Զայէտ Պըն Սուլթան Ալ Նըհեանի համատեղ լուսանկարը ինչ որ խաղաղութեան յոյս կը ներշնչէ՞:
Նախ պէտք է արձանագրել, որ Սպիտակ Տան մէջ ստորագրուածը խաղաղութեան դաշինք չէր, այլ բնական յարաբերութիւններ հաստատելու համաձայնութիւն: Ամերիկացի մեկնաբանները գնահատելով հանդերձ խաղաղութեան միտող այս քայլը, դիտել կու տան, որ պահը յատուկ ընտրուած էր, օգնելու համար Տանըլտ Թրամփի վերընտրութեան: Իսրայէլի վարչապետը պարտական էր Թրամփին, երբ ան օգնութեան հասաւ Բենիամին Նաթանիահուին՝ մէկ տարուայ ընթացքին կայացած երեք յաջորդական ընտրութիւններուն առիթներով, վերջին անգամ ճանչնալով սուրիական Կոլանը որպէս Իսրայէլի մաս: Միւս կողմէն Ծոցի Արաբական երկիրները եւս կը նախընտրեն Թրամփի վերընտրութիւնը, քանի որ ան հրաժարեցաւ Իրանի հետ ստորագրուած միջուկային զէնքի համաձայնագրէն, որուն առաջին օրէն դէմ էին այդ երկիրները: Անոնք մտահոգուած են որ Ճօ Պայտընի նախագահութեան օրօք այդ պայմանագիրը կրնայ վերակենդանանալ, ուժեղացնելով Իրանի դիրքերը:
Ծոցի երկիրներուն համար Իրանը աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնէ իրենց գոյութեան տեսանկիւնէն, քան Իսրայէլը, որուն հետ արդէն իսկ գաղտնի կը գործակցէին տարիներէ ի վեր:
-Խաղաղութեան այս դաշինքը, ըստ ամերիկացիներուն, նոր էջ մը պիտի բանայ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւններու ամենահինը համարուող՝ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մէջ. ինչքանո՞վ անկեղծ է այս մօտեցումը եւ ինչքանո՞վ՝ շահադիտական: Միացեալ Նահանգներ եւ մասնակից կողմերը ի՞նչ շահերու հիման վրայ մոռցան երկար տարիներու քէնը եւ իրար ձեռք սեղմեցին:
Ինչպէս նշեցինք, խաղաղութեան հասնելու ճանապարհը տակաւին շատ երկար է եւ առանց Պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչման գրեթէ անկարելի է հասնիլ վերջնական խաղաղութեան: Ամերիկեան դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ պնդել, որ իրենք կը մնան յանձնառու՝ երկու պետութեան լուծումին: Սակայն Թրամփի վարած ի նպաստ Իսրայէլի բացայայտ կողմնակալ քաղաքականութիւնը շատ աւելի հեռացուց այդ նպատակի իրագործումը: Վերջին չորս տարիներուն Իսրայէլ շարունակեց Պաղեստինեան հողերուն վրայ աւելի մեծ թափով նոր բնակավայրեր կառուցելու իր քաղաքականութիւնը՝ Ամերիկայի լուռ մեղսակցութեամբ:
Թրամփ ճանչցուած է որպէս իր անձնական շահերով առաջնորդուող նախագահ մը, որուն վարած քաղաքականութիւնը աւելի դժուարացուց Պաղեստինեան հարցի վերջնական լուծումը: Չմոռնանք հոս յիշելու Ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու որոշումը, քայլ մը, որ կր մերժէին Ամերիկայի նախկին բոլոր նախագահները, ըլլան անոնք Հանրապետական թէ Տեմոքրաթ:
-Երկար տարիներ Միացեալ Նահանգներ փայփայեց «Two State solution» քաղաքական ծրագիրը, որուն հիման վրայ կ'առաջադրուէր ստեղծել Պաղեստինեան տէրութիւն: Այս խաղաղութեան դաշինքը, ըստ երեւոյթին, անտեսեց պաղեստինցիներու իրաւունքները: Արդեօք այս հունով իրապէս կարելի՞ է խաղաղութեան հասնիլ, կամ թէ՝ այս դաշինքի ժամկէտը կաւարտի Սպիտակ Տան նոր նախագահի ընտրութենէն ետք:
Դժբախտաբար, Պաղեստինեան հարցով Թրամփի առած կարգ մը քայլերը անշրջելի են եւ նոր նախագահ մը պիտի չկարողանայ փոփոխութեան ենթարկել զանոնք, յատկապէս Երուսաղէմի եւ կամ Կոլանի հարցով: Բնակավայրերու գծով նոր նախագահը կրնայ պարտադրել, որ Իսրայէլ կասեցնէ ապագայ Պաղեստինեան պետութեան համար նախատեսուած հողերու մասնատումը:
Հոս պէտք է ըսել, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Պահրէյնը իրենց այս վերջին քայլը արդարացնելով կը յայտարարեն, որ յաջողած են կասեցնել բնակավայրերու վերջնական կցումը Իսրայէլին։
-Հայկական պատուհանէն դիտուած, խաղաղութեան այս նոր համաձայնութիւնը Հայաստանին կամ հայութեան համար որեւէ դրական լիցքեր կը ստեղծէ՞:
Դժուար է որեւէ կապ գտնել վերջին զարգացումներուն եւ Հայաստանի վրայ անոնց ազդեցութեան միջեւ, ի բացառեալ անշուշտ եթէ հակա-իրանեան լայն ճակատ մը կազմուի՝ ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ Արաբական երկիրներու մասնակցութեամբ, որու հետեւանքով տեղի ունենան ռազմական գործողութիւններ, որոնց կայծերը կրնան հասնիլ մեր տարածաշրջանը: