Սուրիոյ մէջ այս առաւօտ ընթացք առին խորհրդարանի հերթական ընտրութիւնները։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Սանա» գործակալութիւնը, որ նոյնպէս կը նշէ, որ այս ընտրութիւններուն շնորհիւ սուրիացի ժողովուրդը պիտի ընտրէ խորհրդարանի 250 անդամներ։
Յիշեցնենք, որ այս ընտրութիւնները 3-րդ ընտրութիւններն են , որոնք տեղի կ՚ունենան 2011թուականէն ի վեր երկիրը հարուածած պատերազմի սկիզբէն ի վեր։
Ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը դրած են նաեւ սուրիահայեր, եւ այդ մասին պիտի հաղորդենք աւելի ուշ։
Լուսանկարը՝ համացանցէն։