«The Guardian» թերթը Պէյրութի իր թղթակից Մարթին Շալուֆի պատրաստած զեկոյցը հրապարակած է, որ կը կրէ ՝ «Վախցած իրենց տուներէն ներս եւ դուրս. 2017-ն ամենածանր տարին Սուրիոյ երեխաներո համար՝ ըստ ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ի» խորագիրը: Կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը:
Զեկոյցի հեղինակը նշած է, որ սուրիացի երեխաները, որոնք մեծցած են պատերազմի ժամանակ, կը տառապին մարմնական վնասուածքներէ եւ թերսնուածութենէ, ինչպէս նաեւ հոգեբանական «թրաումա»ներէ, նշելով, որ իրենց վիճակի բարելաւման որեւէ յոյսի շող չերեւիր:
Ան աւելցուցած է, որ ամբողջ սերունդ մը սուրիացի երեխաներու կը դիմակայեն հոգեկան խանգարումներ եւ ներկայիս առաւել վտանգի ենթակայ եւ խոցելի են, քան երբեւէ, յատկապես որ երեխաներու սպանութեան թիւը ամենաբարձր տոկոսը արձանագրած է 2017-ին , որ 2016-ի թիւէն համեմատած՝ 50 տոկոս աւելցած է:
Զեկոյցի հեղինակը անդրադարձած է ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (UNICEF) զեկոյցին, ընդգծելով, որ 2017 տարին ամենավատ տարին է նաեւ Սուրիոյ երիտասարդներուն համար:
Աւելի քան 13 միլիոն մարդ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական օգնութեան կարիք ունի, որոնց կէսը՝ երեխաներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ տեղահանուածերուն 6.1 միլիոնը երեխաներ են: