image

«Զօրքերու տեղաշարժ» Պաքուէն մեղադրանք՝ Երեւանին

«Զօրքերու տեղաշարժ» Պաքուէն մեղադրանք՝ Երեւանին

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ ըսելով, թէ իբր «Հայաստանը ռազմական արկածախնդրութեան նպատակով մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինտեխնիկա կը կեդրոնացնէ սահմանին»:

«Վերջին շաբաթներու ընթացքին Ատրպէյճանի տարածքին ապօրինի տեղակայուած Հայաստանի զինուած ուժերը աշխուժացուցած են ռազմաճարտարապետական եւ այլ ռազմաշինարարական աշխատանքները։ Վերջին օրերուն Հայաստանի զինուած ուժերու սպառազինութեան, այլ զինտեխնիկայի եւ անձնակազմի մեծածաւալ կուտակումներ կը նկատուին՝ Ատրպէյճանի հետ չսահմանազատուած սահմանի երկայնքով հերթական ռազմական արկածախնդրութիւնը իրագործելու նպատակով։

Հայաստանի նման գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ Երեւանը չէ դադրեցուցած իր տարածքային պահանջները Ատրպէյճանի նկատմամբ, եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան բանաւոր ճանաչումը կը տարբերի գետնի վրայ գործողութիւններէն։

Ելլելով ասկէ՝ Ատրպէյճանը իրեն իրաւունք կը վերապահէ պաշտպանելու իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ միջազգային իրաւունքի այլ համընդհանուր փաստաթուղթերով նախատեսուած բոլոր օրինական միջոցներով», - ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։