Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հարուածները Իրանի ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու կառոյցներուն յանգեցուցած են Պարսից ծոցի իրանական ափի նաւթային աղտոտման։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատին։
«Ղեշմ կղզիի ափի նաւթային աղտոտումը յառաջացած է տարածաշրջանին մէջ օտարերկրեայ ռազմական յարձակման հետեւանքով։ Այդ վնասը, որ հասցուած է Պարսից ծոցի իրանական ափի շրջակայ միջավայրին, կը վկայէ Իրանի՝ որպէս ափամերձ պետութեան կողմէ Հորմուզի նեղուցի կառավարման մեխանիզմի մշակման եւ ներդրման անհրաժեշտութիւնը»,– գրած է ան X հարթակին վրայ։