image

Ութ երկրի ԱԳ նախարարներէ մեղադրանք՝ Իսրայէլին

Ութ երկրի ԱԳ նախարարներէ մեղադրանք՝ Իսրայէլին

Քաթարի, Յորդանանի, Ինտոնեզիոյ, Փաքիստանի, Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները հրապարակած են համատեղ յայտարարութիւն, որուն մէջ դատապարտած են Իսրայէլի կողմէ Կազայի խաղաղութեան ծրագիրի իրականացման ճանապարհային քարտէզի մերժումը։

«Այս դիրքորոշումը համազօր է համապարփակ ծրագիրէն ուղղակի հրաժարման, վտանգի տակ կը դնէ անոր իրագործումը եւ հիմնովին կը խաթարէ արդար ու կայուն խաղաղութեան հասնելու ուղղուած հաւաքական ջանքերը», նշուած է X հարթակին վրայ Քաթարի Արտաքին գործոց նախարարութեան էջին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Նշուած է, որ մերժումը «կը հաստատէ, որ Իսրայէլ այժմ պատասխանատուութիւն կը կրէ Կազայի եւ Պաղեստինի գրաւուած մնացեալ տարածքներուն մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը խոչընդոտելու համար»։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ պաղեստինեան խմբաւորումներու կողմէ ճանապարհային քարտէզի ընդունումը միջնորդներու «լայնածաւալ ջանքերու» արդիւնքն է եւ «կարեւոր հանգրուան է զինաթափման ճանապարհին՝ իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերման, Միջազգային կայունացման ուժերու տեղակայման, վարչական լիազօրութիւնները Կազայի կառավարման Ազգային կոմիտէին փոխանցման եւ Կազայի վերակառուցման զուգահեռ»։

Նախարարները նաեւ Խաղաղութեան խորհուրդին կոչ ըրած են Միացեալ Նահանգներու աշխուժ աջակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ «անմիջական եւ շօշափելի միջոցներ» ձեռնարկելու՝ կանխելու համար որեւէ երկրի կողմէ Կազայի ծրագիրի իրականացումը խոչընդոտելը։

 

Օգոստոս 9-ին կառավարութեան նիստին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու յայտարարած էր, որ կը մերժէ Կազայի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկած ծրագիրը եւ մտադիր չէ իսրայէլեան ուժերը դուրս բերել պաղեստինեան անկլաւէն, քանի դեռ «Համաս» խմբաւորումը ամբողջովին չէ զինաթափուած։