image

Թեհրան Երեւանին առաջարկած է աւելցնել Հայաստան արտահանուող կազի ծաւալները

Թեհրան Երեւանին առաջարկած է աւելցնել Հայաստան արտահանուող կազի ծաւալները

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան առաջարկած է առեւտրային նոր մոտել, որ ուղղուած պիտի ըլլայ դէպի Հայաստան իրանական բնական կազի արտահանման ծաւալներու ընդլայնման։

Այս մասին կը տեղեկացնէ իրանական Tasnim գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Իրանի նաւթի նախարար Մոհսէն Փաքնեժատի յայտարարութիւնը, որ կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Տաւիթ Խուտաթեանի հետ հանդիպման ընթացքին։

Իրանական աղբիւրին համաձայն՝ Փաքնեժատ աւելցուցած է, որ առաջարկին իրագործման համար անհրաժեշտ է համակողմանիօրէն գնահատել առկայ ենթակառուցուածքները, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել Հայաստանը որպէս տարածաշրջանային տարանցիկ միջանցք օգտագործելու միջոցով հայկական շուկայէն դուրս կազի առեւտուրը ընդլայնելու նպատակայարմարութիւնը։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Տաւիթ Խուտաթեան աշխատանքային այցով կը գտնուի Թեհրանի մէջ։