Ատրպէյճանեան ուժեր կրակած են Տեղ գիւղի ուղղութեամբ։
Այս մասին տեղեկութիւն հաղորդող աղբիւրներ կը նշեն նաեւ, որ հայկական կողմը ունի տուժածներ։
Կը նշուի նաեւ, որ եղած միջադէպին հետեւանքով Հայկական կողմը ունի 1, իսկ ատրպէյճանեան կողմը 2 զոհ:
Յիշեցնենք, որ միայն մի քանի օր առաջ էր երբ ատրպէյճանցիք նոր դիրքեր տեղադրած էին ու հատած էին հայկական սահմանը։