image

Իսրայէլ չի հանդուրժեր Թուրքիոյ ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ. Նաթանիահու

Իսրայէլ չի հանդուրժեր Թուրքիոյ ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ. Նաթանիահու

Իսրայէլ պիտի չհանդուրժէ Թուրքիոյ ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։

«Մենք պիտի չհանդուրժենք Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական ներկայութիւնը, որ կը սպառնայ Իսրայէլին։ Մենք յստակ ուղերձ փոխանցած ենք՝ պէտք չէ։ Հաւանաբար զայն բաւական լաւ չեն լսած, ուստի մենք հոգ տարած ենք, որ աւելի լաւ հասկնան»,– յայտարարած է ան։

Աւելի վաղ Նաթանիահուի գրասենեակը յայտարարած էր, որ Սուրիան մօտ եղած է խախտելու անվտանգութեան ոլորտի մէջ Իսրայէլի հետ գոյութիւն ունեցող «սթաթուս քո»ն՝ թոյլ տալով թրքական զօրքերու տեղակայումը երկրի հիւսիսը գտնուող ռազմական օդակայանին մէջ։