image

ԱՄՆ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ օդային հարուածներու հետեւանքով զոհուած է առնուազն 20 իրաքցի զինեալ

ԱՄՆ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ օդային հարուածներու հետեւանքով զոհուած է առնուազն 20 իրաքցի զինեալ

Իրաքի «Ժողովրդական զօրաշարժի ուժեր» (Popular Mobilization Forces) խմբաւորումը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ երկրի եօթը նահանգներու մէջ կատարուած հարուածներու հետեւանքով զոհուած է առնուազն 20 զինեալ, վիրաւորուած է՝ 32-ը։ Այս մասին կը հաղորդէ Al Jazeera-ն։

Խմբաւորումը յայտարարած է, որ զոհերու թիւը նախնական է եւ կրնայ աճիլ։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ յարձակումները թիրախաւորած են խմբաւորման դիրքերը Պաղտատի, Ուասիթի, Նինուէի, Պասրայի, Քիրքուքի, Քարպալայի եւ Տիալայի նահանգներուն մէջ։

Հարուածներու հետեւանքով վնասներ կրած են մօտակայքի շէնքերը, փոխադրամիջոցները եւ ռազմական սարքաւորումները։

 

Իրաքի «Ժողովրդական զօրաշարժի ուժեր»ը բաղկացած է շուրջ 67՝ գլխաւորաբար շիա զինեալ խմբաւորումներէ, որոնցմէ գրեթէ բոլորը Իրանի աջակցութիւնը կը վայելեն։

Աւելի վաղ, Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM) յայտարարած էր, որ ամերիկեան եւ սէուտական ուժերը հարուածած են Իրաքի մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներու թիրախներ՝ ի պատասխան ամերիկեան ուժերուն եւ թագաւորութեան ուժանիւթային ենթակառուցուածքներուն դէմ կատարուած յարձակումներուն։

Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ յայտարարած է, որ ամերիկեան ուժերուն հետ համակարգմամբ «թիրախային հարուածներ» հասցուցած է Իրաքի մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներուն, որոնք պատասխանատու էին թագաւորութեան Արեւելեան նահանգին մէջ նաւթային կառոյցներու դէմ անօդաչու սարքերով կատարուած հարուածներուն համար։