Տերսիմի՝ ներկայիս Թունճելիի Հոզաթ գաւառի Էրկեն, այժմ՝ Կեչիմլի գիւղին մէջ գտնուող հազարամեայ Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցին, որ ծանօթ է նաեւ Էրկանի վանք անունով, տարիներ անխնամ մնալով փլուզման անմիջական վտանգի տակ կը գտնուի։
Քարաշէն ճարտարապետութեամբ, կամարակապ մուտքով եւ պատերու քանդակազարդերով յատկանշուող եկեղեցին Տերսիմի բազմամշակութային անցեալի կարեւորագոյն վկաներէն մէկը կը նկատուի։ Սակայն կառոյցը երկար տարիներէ ի վեր չէ վերանորոգուած եւ շարունակաբար կը վնասուի թէ՛ բնական պայմաններու եւ թէ գանձախոյզերու ապօրինի գործողութիւններուն հետեւանքով։ Եկեղեցւոյ քարերէն մաս մը վնասուած կամ գողցուած է, մինչ մնացեալ պատերուն վրայ զանազան գրութիւններ արձանագրուած են։
Թէեւ 2012ին Էրզրումի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խորհուրդը ընդունած էր Թունճելիի նահանգային մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան դիմումը՝ եկեղեցւոյ պահպանութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, սակայն մինչեւ այսօր վերականգնման կամ պահպանութեան որեւէ աշխատանք չէ կատարուած։
Քրտական «Ռուտաու» լրատուամիջոցին համաձայն՝ գիւղի բնակիչները կը պահանջեն, որ հայկական եկեղեցին վերականգնուի եւ վերածուի հաւատքի ու մշակութային զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոնի։ Գիւղի բնակիչ Հայրի Եըլտըզ, քննադատելով պետական մարմիններու անտարբերութիւնը, նշած է, որ գիւղացիները պատրաստ են իրենց կարգին պաշտպանելու պատմական կառոյցը։ Մէկ այլ բնակիչ՝ Մեհմետ Օղուզ, շեշտած է, որ պատմական եւ կրօնական արժէքները պէտք է պահպանուին, այլապէս անոնք վերջնականապէս պիտի կորսուին։
975ին կառուցուած Էրկանի վանքը կը նկատուի Տերսիմի հայկական մեծագոյն եկեղեցին։ Կառոյցի ներքին պատերուն վրայ մինչեւ այսօր պահպանուած են հայատառ արձանագրութիւններ։ Պատմական վկայութիւններու համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Էրկանի վերջին քահանան ողջակիզուած է նոյն եկեղեցիին մէջ։ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին 1915էն ի վեր դադրած է գործելէ։