Հակառակ հայկական կողմի պնդումներուն՝ մենք Հայաստանի հետ TRIPP նախագիծին վերաբերեալ որեւէ նախնական համաձայնութեան չենք հասած։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի խորհրդական, զօրավար-մայոր Ռահիմ Սաֆավին՝ մեկնաբանելով TRIPP նախագիծի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը եւ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները։
«Այս հարցին շուրջ ո՛չ իրական փոխըմբռնում կայ, ո՛չ ալ ընդհանուր եզր։ Մենք բացայայտ եւ յստակ կերպով մեր կարմիր գիծերը յայտնած ենք Հայաստանին։
Միւս կողմէ, եթէ մենք դէմ ենք ԱՄՆ-ի ներկայութեան Պարսից ծոցին մէջ, ապա ինչո՞ւ պէտք է աջակցինք անոր ներկայութեան Հարաւային Կովկասին մէջ։ Մենք շրջանը եւ մեր սահմաններու անվտանգութիւնը կը դիտարկենք իբրեւ մէկ ամբողջութիւն։ Հետեւաբար, այս նախագիծը իր ներկայիս ձեւաչափով սպառնալիք կը ներկայացնէ Իրանի համար։
Մենք կը շարունակենք բանակցութիւնները Հայաստանի հետ։ Սակայն, եթէ այնտեղ անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը փոխանցուի ամերիկեան զինուած ուժերուն, Իրանը կը պահպանէ հակահարուած տալու եւ համապատասխան միջոցներ ձեռնարկելու իրաւունքը։
Աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ հայ սահմանապահները անկախ կերպով հսկէին իրանա-հայաստանեան սահմանը եւ այդ սահմանով անցնող երթուղիները», նշած է ան։