image

Կարօ Արմէնի հիմնած «ակենուս»ը քաղցկեղի դէմ նոր դեղամիջոց կը մշակէ

Կարօ Արմէնի հիմնած «ակենուս»ը քաղցկեղի դէմ նոր դեղամիջոց կը մշակէ

Հայազգի ձեռնարկատէր Կարօ Արմէնի հիմնադրած ամերիկեան «Ակենուս» կենսագիտական ընկերութիւնը մինչեւ 340 միլիոն տոլարի նոր ֆինանսաւորում ապահոված է՝ քաղցկեղի բուժման նորարարական դեղամիջոցի երրորդ փուլի միջազգային փորձարկումները սկսելու համար։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ամերիկեան կենսագիտական «Ակենուս» ընկերութիւնը, զոր հիմնադրած է հայազգի ձեռնարկատէր Կարօ Արմէն, յայտարարեց, թէ մինչեւ 340 միլիոն տոլարի նոր հովանաւորութիւն մը ներգրաւած է՝ քաղցկեղի դէմ նոր բուժամիջոցի միջազգային երրորդ փուլի «Ֆէս 3» փորձարկումները սկսելու նպատակով։

Դրամական նոր հովանաւորութիւնը պիտի ծառայէ պոթենսիլիմապ (ՊՕԹ) եւ պալսթիլիմապ (ՊԱԼ) դեղամիջոցներու համակցուած բուժումը մշակելու ծրագրին, որ նախատեսուած է «միքրոսաթելիտային կայուն (Էմ-Էս-Էս) կոլոռեքթալ քաղցկեղ»ի բուժման համար։ Այս տեսակը աղիքային քաղցկեղի ամենատարածուն ձեւերէն մէկն է եւ մինչեւ այսօր կը նկատուի «իմունաբուժութեան» համար ամենադժուար մարտահրաւէրներէն մին։

«Ռոպպին» անունով միջազգային ուսումնասիրութեան երրորդ փուլին պիտի մասնակցին աշխարհի զանազան երկիրներէ 850 հիւանդներ։ Ընկերութիւնը արդէն ստացած է 85 միլիոն տոլար, իսկ եւս 255 միլիոն տոլար կրնայ ներգրաւել՝ նախատեսուած ներդրումային իրաւունքներու գործադրութեամբ։

Ամբողջական հովանաւորութեան պարագային, «Ակենուս» կը նախատեսէ ապահովել ծրագրի իրականացումը եւ իր գործունէութիւնը՝ առնուազն մինչեւ 2031 թուականի վերջաւորութիւն։

Ընկերութիւնը կը յայտնէ, թէ «ՊՕԹ»-«ՊԱԼ» համակցութիւնը նախորդ փորձարկումներու ընթացքին արդէն իսկ ցուցաբերած է խոստմնալից արդիւնքներ, կարելի դարձնելով անցումը լայնածաւալ երրորդ փուլի փորձարկումներուն։

Յիշեցնենք որ Կարօ Արմէն միջազգային մակարդակներու վրայ տարիներէ ի վեր կը շարունակէ աջակցիլ ուռուցքաբուժութեան զարգացման եւ առողջապահական նորարարական ծրագիրներուն։