image

Ատրպէյճան Փրակայի մէջ կ՚իւրացնէ հայկական ժառանգութիւնը

Ատրպէյճան Փրակայի մէջ կ՚իւրացնէ հայկական ժառանգութիւնը

Ատրպէյճանական կազմակերպութիւններ վերջերս Փրակայի կեդրոնական հրապարակին վրայ բացօթեայ ցուցահանդէս մը կազմակերպած են՝ ցուցադրելով պատմական լուսանկարներ Արցախէն եւ Հայաստանէն եւ զանոնք ներկայացուած են որպէս ատրպէյճանական ժողովուրդի պատմամշակութային ներկայութեան ապացոյց։

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, ընդդիմադիր երեսփոխան Լիլիթ Գալստեան մեղադրած է Ատրպէյճանը, որ Փրակայի սրտին մէջ կազմակերպուած հանրային ցուցահանդէս մը կ՚օգտագործէ իր տարածքային յաւակնութիւնները յառաջ մղելու եւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իբրեւ ատրպէյճանական ներկայացնելու նպատակով՝ զգուշացնելով, որ նման արշաւներ աւելի ու աւելի մեծ թափ կը ստանան, մինչ Հայաստան միջազգային բեմահարթակին վրայ կը շարունակէ ընդհանրապէս լուռ մնալ:

Գալստեան յայտնած է, որ ատրպէյճանական կազմակերպութիւններ վերջերս Փրակայի կեդրոնական հրապարակին վրայ բացօթեայ ցուցահանդէս մը կազմակերպած են՝ ցուցադրելով պատմական լուսանկարներ Արցախէն եւ Հայաստանէն։ Ըստ անոր՝ այդ պատկերները ներկայացուած են իբրեւ ատրպէյճանական ժողովուրդի պատմամշակութային ներկայութեան ապացոյց՝ իրենց այսպէս կոչուած «պատմական հայրենիք»-ին մէջ: