image

«Հայաստանը թեւակոխում է իր պատմութեան նոր՝ Չորրորդ Հանրապետութեան փուլ»․ վարչապետ

«Հայաստանը թեւակոխում է իր պատմութեան նոր՝ Չորրորդ Հանրապետութեան փուլ»․ վարչապետ

Ընտրութիւններու արդիւնքներով ի վերջոյ յաղթած է Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը, որ կը նշանակէ, որ Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը ՀՀ-ի մէջ դարձած է պաշտօնական գաղափարախօսութիւն: Այդ մասին Կառավարութեան՝ օգոստոս 20-ի նիստին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ներկայացնելով Կառավարութեան՝ 2026-2031 թուականներու ծրագիրը:

«ՀՀ-ը այսպիսով թեւակոխում է իր պատմութեան այն փուլը, որն անուանում ենք Չորրորդ հանրապետութիւն»,- յայտարարած է ան, ապա թուարկած է տարբերութիւնները, որոնցով կը տարբերին Երրորդ եւ Չորրորդ հանրապետութիւնները:

«Երրորդ հանրապետութիւնը հիմնադրուել է կոնֆլիկտի, համակարտութեան տրամաբանութեամբ: Չորրորդ հանրապետութիւնը ձեւաւորւում է, ձեւաւորուել է խաղաղութեան տրամաբանութեամբ, եւ այստեղ միայն հակամարտութեան եւ խաղաղութեան տրամաբանութիւնների մէջ չէ խնդիրը, այլ պետութեան ֆունկցիոնալ նշանակութեան, թէ ինչի համար է պետութիւնը, ինչ գործնական առաքելութիւն եւ գործառոյթ ունի պետութիւնը:

Երրորդ հանարեպտութիւնը 1990 թուականին իր հռչակումով, ըստ էութեան, արձանագրել է, որ պետութեան նպատակը, պայմանական ասած, պատմական արդարութեան վերականգնումն է: Սրանից բխել են նաեւ որոշակի գործողութիւններ: Ըստ էութեան, այս հայեցակարգից է բխել նաեւ Ղարաբաղեան շարժումը, եւ Ղարաբաղեան շարժումը այդ հայեցակարգի գործնական իրագործման ուղղութիւններից մէկն է եղել»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ այսօրուան Կառավարութեան ծրագիրն ամբողջութեամբ հիմնուած է Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեան եւ Չորրորդ հանրապետութեան տեսլականի վրայ, եւ սա է այն առանցքային գաղափարաբանական փոփոխութիւնը կամ վերափոխումը, որ տեղի կ՚ունենայ Կառավարութեան ծրագիրին մէջ:

Ըստ Փաշինեանի՝ 2018 թուականի ժողովրդական ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան օրակարգն առարկայականօրէն հնարաւոր չէ եղած արժանացնել այն ծաւալի ուշադրութեան, ինչ ծաւալի ուշադրութեան, ենթադրաբար, կ՚արժանացնէին 2018-2019 թուականներուն:

«Կառավարութեան ծրագրի յաջորդ կարեւոր առանձնահյատկութիւնն այն է, որ խաղաղութիւնը եւ այս նոր միջավայրը մեզ հնարաւորութիւն է տալիս լիարժէք կերպով վերադառնալ 2018 թուականի ժողովրդական, ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան օրակարգի չիրականացուած հատուածին:

Լաւ լուրն այն է, որ ճգնաժամային կառավարման ընթացքում մենք երբեք չենք դադարեցրել բարեփոխումների օրակարգի իրականացումը, եւ ես հիմա ունեմ համոզուածութիւն, եւ ընթացիկ պրոցեսները դա ցոյց են տալիս, որ ունենք անհրաժեշտ ինստիտուցիոնալ կարողութիւն, որպէսզի բնականոն ձեւով շարունակենք յեղափոխութեան օրակարգի իրականացումը»,-ըսած է ան: