image

Արմէն Աշոտեանէն կը պահանջուի 385 միլիոն դրամ, եւ 3 անշարժ գոյք

Արմէն Աշոտեանէն կը պահանջուի 385 միլիոն դրամ, եւ  3 անշարժ գոյք

Դատախազութիւնը կը պահանջէ կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Արմէն Աշոտեանէն յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձած է շուրջ 385 միլիոն դրամ, 3 անշարժ գոյք, յայտնած են Գլխաւոր դատախազութենէն։

Հակափտածութեան դատարանը վարոյթ ընդունած է Գլխաւոր դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումը:

Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին՝ ՀՀ Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար, ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Գէորգի Աշոտեանէն եւ վերջինիս հետ փոխկապակցուած անձերէ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել՝

  • 3 անշարժ գոյքի գնման իրաւունք, որոնցմէ 1-ը կը գտնուի Կեդրոն վարչական շրջանի մէջ, իսկ 2-ը Աւան վարչական շրջանի մէջ կառուցուող թաունհաուսներ են.
  • Շուրջ 47 մլն դրամ՝ որպէս ապօրինի եկամուտներու եւ միջոցներու մնացորդ.
  • 338 մլն 366 հազար դրամ, որ չի հիմնաւորուիր անձի օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում, 2005-2026-ի ընթացքին փոխանցուած է բարեխիղճ ձեռք բերողի կամ հնարաւոր չէ նոյնականացնել եւ բռնագանձել: