Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք՝
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքի ԻԱ. տարուան (2024-2026) հատորը լոյս տեսաւ Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն: Սոյն տարեգիրքը կը ստանայ առանձնայատուկ նշանակութիւն, որովհետեւ կը համընկնի մեր եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ յատուկ խորհուրդ կրող երկու կարեւոր յոբելեաններու: Արդարեւ, մենք կը նշենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30 ամեակը եւ Դպրեվանքի հիմնադրութեան 95 ամեակը: Երկու յոբելեաններ, որոնք պարզ թուականներ չեն, այլ կը մարմնաւորեն ընթացք, ծառայութիւն եւ ժառանգութիւն:
«Գլաձոր»ը Դպրեվանքի կեանքին եւ առաքելութեան հայելին է: Անոր էջերուն մէջ կ'արտացոլան դպրեվանեցիներուն հոգեւոր եւ մտաւոր ընթացքը, անոնց փորձառութիւնները, ուսումնասիրութիւնները, յուշերը եւ ստեղծագործական աշխատանքները: Այս տարեգիրքը տարիներու ընթացքին դարձած է յիշողութեան պահոց մը եւ միաժամանակ վկայութիւն մը՝ Դպրեվանքի շարունակական ներկայութեան ու ծառայութեան:
«Գլաձոր»ը կամուրջ մըն է Դպրեվանքին եւ մեր ժողովուրդին միջեւ: Անիկա կը փոխանցէ Դպրեվանքին շունչը՝ շրջանաւարտներուն, բարերարներուն, եկեղեցասէր հաւատացեալներուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ կը հետեւին այս սրբավայրին առաքելութեան:
Դպրեվանքի համատեղ ջանքին պատկերը մարմնաւորուեցաւ ներկայ տարեգիրքին մէջ՝ շնորհիւ խմբագիր հայր սուրբին՝ Դպրեվանքի փոխ տեսուչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեանի անսակարկ աշխատանքին:
Դպրեվանքին հիմնադրութեան 95 ամեակին նուիրուած «Գլաձոր»ի սոյն հատորը լոյս տեսաւ Դպրեվանքի նախկին սան եւ նիւթաբարոյապէս անոր առաքելութեան նեցուկ կանգնող Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեանի ազնիւ մեկենասութեամբ, առ ի քաջալերանք Կիլիկեան Դպրեվանքի առաքելութեան: Անհուն շնորհակալութիւն այս օրհնեալ ամոլին, որուն սրտին մէջ Դպրեվանքը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ:
Ահաւասիկ, «Գլաձոր»ը կրկին կը մատուցուի հայ ընթերցասէր ու եկեղեցասէր հանրութեան: Ահա ձեր առջեւ Դպրեվանքը՝ իր իսկութեամբ, պարզութեամբ ու հարազատութեամբ։