Միացեալ Նահանգներու զինուորականները գաղտնի կերպով նաւագնացութեան միջանցք ստեղծած են Հորմուզի նեղուցին մէջ՝ այդտեղէն օրական միլիոնաւոր տակառ նաւթ փոխադրելու համար։ Այս մասին կը հաղորդէ «Axios»-ը՝ վկայակոչելով տեղեկութիւններ ունեցող աղբիւրներ։
«Մենք արդէն երկու ամիս է, որ կը վերահսկենք Հորմուզի նեղուցի հարաւային նաւարկուղին։ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը կրնայ անյարմարութիւններ պատճառել, բայց ան չի վերահսկեր նեղուցը։ Այդ մէկը մենք կ՚ընենք»,– հրատարակութեան ըսած է ամերիկացի պաշտօնեաներէն մէկը։
Աղբիւրներու համաձայն՝ նեղուցէն օրական շուրջ 10 միլիոն տակառ նաւթ դուրս կը բերուի։ «Axios»-ի հաղորդմամբ՝ այդ ծաւալը պատերազմէն առաջ եղածին մօտաւորապէս կէսն է։
Աղբիւրները աւելցուցած են, որ վերջին քանի մը շաբաթներուն եղած են գիշերներ, երբ Պարսից ծոցէն արտահանուած է 15-20 միլիոն տակառ նաւթ։
Կը նշուի, որ Հորմուզի նեղուցը վերահսկող արագ արձագանգման խումբը տեղակայուած է Հիւսիսային Քարոլայնայի նահանգի Ֆորթ Պրակ քաղաքի ցամաքային զօրքերու կեդրոնակայանին մէջ։ Ան իր գործողութիւնները կը համակարգէ Պարսից ծոցի տարածաշրջանային գործընկերներուն հետ։
Աղբիւրները նշած են, որ Իրանի իշխանութիւնները այժմ կրնան վերահսկում կատարել միայն քանի մը ռատարներու միջոցով, զորս յաջողած են վերականգնել, ինչպէս նաեւ՝ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի փոքր արագընթաց նաւակներուն մէջ գտնուող դիտորդներու օգնութեամբ։
«Axios»-ի զրուցակիցները յայտնած են, որ հակառակ անոր, որ նեղուցէն արտահանուող նաւթի ծաւալը տակաւին աւելի ցած է նախապատերազմեան մակարդակէն, այս փոխադրումները էական ազդեցութիւն ունին համաշխարհային մատակարարումներուն վրայ։