Լիբանանի «Ազգային ազատ հոսանք»ի նախագահ Ժըպրան Պասիլ ըսած է, որ «ընտրական ճակատամարտը սովորական մրցակցութիւն չէր, այլ՝ սկսաւ 2019 թուականի Հոկտեմբեր 17-ի շարժումէն»:
Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտէն յետոյ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ Պասիլ յաւելեց, որ «հոսանքը կը պայքարէր ոչ թէ Լիբանանեան ուժերու, Ընկերավար յառաջդիմականներու, Փաղանգաւորներու, Ամալի եւ այլոց դէմ, այլ այն ճակատամարտին մէջ, որ սկսաւ Հոկտեմբեր 17-ին ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ անոնց դաշնակիցներուն դէմ»:
Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձած է ԱՄՆ-ի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով նախկին պետական քարտուղար Տէյվիտ Շէնքերու յայտարարութիւններուն` ըսելով. «Տէյվիտ Շէնքէրը խոստովանած է, որ ինծի հետ առճակատման գործընթացը կառավարած է», եւ ան նաեւ խոստովանած է «մեզ թիրախաւորած նախագիծին ձախողութիւնը»:
Իր կարգին, Տէյվիտ Շէնքէր վտանգաւոր յայտարարութիւններ կատարեց` Լիբանանի մէջ ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի վարչակազմի ամերիկեան դերի հետ կապուած` ելեւմտական տապալումը արագացնելու եւ Հոկտեմբեր 17-ի շարժումը շահագործելու՝ Հըզպալլայի կերպարը խեղաթիւրելու եւ իր դաշնակիցներուն հետ զայն թուլցնելու նպատակով, այդ շարքին` «Ազգային ազատ հոսանք»ը:
رئيس #التيار_الوطني_الحر اللبناني جبران #باسيل: المعركة لم تكن تنافسية عادية بل بدأت من 17 تشرين الأول 2019 مع #الولايات_المتحدة.#الميادين_لبنان#لبنان_انتخابات_الخيارات#انتخابات_لبنان_2022#الانتخابات_النيابية_2022#لبنان_ينتخب @Gebran_Bassil pic.twitter.com/EDgWHRhS5o
— الميادين لبنان (@mayadeenlebanon) May 15, 2022
Ընտրական գործընթացին վերաբերեալ Պասիլ մատնանշեց, որ «ընտրութիւններուն ծախսուած գումարները յայտնի տարածաշրջանային աղբիւր ունին, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ պայքարը այս մակարդակի վրայ է», նշելով, որ «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Լիբանանի մէջ առաջինն է խիղճեր եւ քուէներ գնելու առումով»:
Ան շարունակեց, որ «այս ընտրութիւններուն մէջ կան ժողովուրդի կամքի կեղծիք` գումար վճարելով, եւ մենք լռած ենք այս մասին, որպէսզի երթանք լուծման եւ աշխատինք»:
Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը հաստատեց, որ «առայժմ հոսանքը յաղթանակած դուրս եկած է այս ճակատամարտէն եւ պիտի ունենայ խորհրդարանական մեծ խմբակցութիւն», ընդգծելով որ «բոլորը պիտի մնան եւ որեւէ կուսակցութիւն չի կրնար չեղարկել միւսը»: