«Ուքրանիոյ անհրաժեշտ են հակաօդային համակարգեր, եւ ես պատրաստ եմ վճարել անոնց համար»։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ՝ Զելենսքին՝ օտարերկրացի լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, հաղորդած է ԹԱՍՍ։
«Երկինքը «փակելու» քանի մը հնարաւորութիւն կայ։ Կայ հակաօդային պաշտպանութիւն, համակարգեր, որոնք կրնան տրամադրուիլ Ուքրանիոյ։ Ուքրանիան գտած է զանոնք աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, խնդրած է տրամադրել, յետոյ հասկցանք, որ այդ համակարգերը մեզի այնպէս չեն տար, պարզապէս տալ: Մենք պատրաստ ենք գնել զանոնք, պատրաստ ենք վարկեր վերցնել, պատրաստ ենք մեր պիւտճէին վերջին գումարը հանել ու վճարել անոնց համար»,- ըսած է Զելենսքի։
Ան աւելցուցած է, որ Ուքրանիան պատրաստ է զբաղիլ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարմամբ իր տարածք։