Հիւսիսային Քորէայի մէջ փորձարկուած են բազմանպատակ թեթեւ հրթիռներու արձակման նոր համակարգեր եւ համազարկային կրակի մարտավարական թեւաւոր հրթիռներ։ Ինչպէս կը հաղորդէ Քորէայի կեդրոնական հեռագրական գործակալութիւնը, փորձարկումներուն հետեւած է Քիմ Եոնկ Ընը։
Փորձարկումներու ընթացքին ստուգուած են պալիսթիք հրթիռներու մարտական կարողութիւնները, 240 մմ տրամաչափի կառավարուող հրթիռներու նաւարկման ճշգրտութիւնը եւ արհեստական բանականութեամբ օժտուած թեւաւոր հրթիռներու թիրախաւորման համակարգերը։ Քիմ Եոնկ Ըն բարձր գնահատած է արդիւնքները՝ զանոնք նկատելով բանակի պաշտպանունակութեան ամրապնդման կարեւոր քայլ։
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է նոր մարտավարական թեւաւոր հրթիռին, որ կրնայ խոցել մինչեւ 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներ։ Ըստ Փիոնկիանկի՝ նոր համակարգերը արդիականացուած են ժամանակակից պատերազմի պահանջներուն համապատասխան։
Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդը վերահաստատած է միջուկային եւ սովորական զինուած ուժերու հզօրացման քաղաքականութիւնը եւ հրահանգած՝ արագացնել նորագոյն սպառազինութիւններու արտադրութիւնը։