Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ չէզոքութեան եւ ուքրանական բանակի սահմանափակման հարցերը քննարկման ենթակայ չեն։
«Մենք չենք կրնար խօսիլ մեր պետութեան չէզոքութեան մասին։ Մենք չենք կրնար խօսիլ ուքրանական բանակի սահմանափակման մասին։ Մեր բանակի սահմանափակումներն ու Ուքրանիոյ չէզոքութիւնը քննարկման ենթակայ չեն», -ըսած է ան։
Զելենսքի նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու վերացումը պէտք է կապուած ըլլայ պատերազմի աւարտին հետ՝ անկախ անկէ, թէ անոնց վերացումը ի՛նչ տնտեսական օգուտ կրնայ բերել ԱՄՆ-ին, Ռուսիոյ, Ասիոյ, Ափրիկէի, Եւրոպայի կամ Ուքրանիոյ։
«Պատժամիջոցները սահմանուած են Ռուսիոյ յարձակողական գործողութիւններուն, մեր տարածքներու գրաւման, ապօրինի բռնագրաւման եւ սպանութիւններուն պատճառով։ Հետեւաբար, պատժամիջոցներու վերացումը կրնայ կապուած ըլլալ միայն պատերազմին աւարտին, դիւանագիտութեան, վերականգնման եւ անվտանգութեան երաշխիքներուն հետ», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը։
Անդրադառնալով ռուսական տիզելի արտահանման՝ Զելենսքի նշած է, որ Ուքրանիոյ հարուածները ազդեցութիւն չեն ունեցած համաշխարհային գիներուն վրայ։ Անոր խօսքով՝ Ռուսիոյ բաժինը տիզելի համաշխարհային արտահանման մէջ շուրջ 2 առ հարիւր է, իսկ մնացեալ 98 առ հարիւրը կ՚իյնայ այլ արտահանողներու վրայ։
Զելենսքի խօսած է նաեւ Starlink հաղորդակցութեան համակարգին հասանելիութեան եւ Patriot հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հրթիռներու տրամադրման մասին։
«Եթէ մեզի համար Starlink-ը չգործարկէք, եւ այդ մէկը ամբողջութեամբ ձեզմէ կախեալ է, ապա մեզի բան մը տուէք, որ այլեւս կախեալ չըլլայ Մասքէն կամ Փութինէն։ Կ՚ըսէք, որ Մասք չ՚ուզեր այդ ընել։ Լաւ։ Այդ պարագային, մեզի Patriot հրթիռներ տուէք։ Կը կարծեմ, որ այդպէս արդարացի է», ըսած է ան։
Անոր խօսքով՝ այդ պահուն Ուքրանիան լրացուցիչ Patriot հրթիռներ չէ ստացած, պատժամիջոցները վերացուած են, իսկ Starlink-ի հասանելիութիւնը ընդլայնելու փոխարէն՝ սահմանափակուած է արդէն գործող կապի արագութիւնը։
«Այդ պահուն մենք ոչինչ ստացանք։ Պատժամիջոցները վերացուեցան։ Ոչ ոք մեզի լրացուցիչ Patriot հրթիռներ տուաւ։ Starlink-ի հասանելիութիւնը ընդլայնելու փոխարէն՝ անոնք նուազեցուցին մեր արդէն իսկ ունեցած կապին արագութիւնը։ Այդ պատճառով ալ արձագանգ եղաւ։ Մենք կը պայքարինք մեր կեանքին համար», յայտարարած է Զելենսքի։