ՀԱՊԿ միաւորուած շտաբի պետ Անաթոլի Սիտորով Մոսկուայի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, որ իր գլխաւորած խումբը Երեւան պիտի ժամանէ այսօր երեկոյեան։
«Հաշուի առնելով այն, որ գլխաւոր քարտուղարն այժմ կը մասնակցի միջազգային այլ լուրջ միջոցառումներու, մասնաւորապէս՝ հրաւիրուած է ՇՀԿ-ի գագաթաժողովին, այդ պատճառով անոր թռիչքը եւ ժամանումը Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի ըլլան աւելի ուշ։ Կ'ընթադրուի՝ յաջորդ շաբաթ։ Այն, ինչ կը վերաբերի միաւորուած շտաբի պետին. մեր այսօրուայ միջոցառման աւարտէն ետք ես պիտի երթամ օդակայան եւ մեկնիմ Հայաստան՝ միաւորուած շտաբի պաշտօնատար անձանց խումբով»,- ըսած է Սիտորով։
Ան ընդգծած է, որ խումբի մէջ են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան բոլոր անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչները։ ՀԱՊԿ առաքելութեան՝ Հայաստան մեկնելու առաջարկն ըրած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։
Սիտորով նշած է, որ Հայաստան խաղաղապահ զօրակազմ ուղարկելու մասին առայժմ խօսք չկայ, առաքելութիւնը կը մեկնի Հայաստան, որպէսզի տեղւոյն վրայ ծանօթանայ իրադրութեան, պարզէ պատճառներն ու հակամարտութեան լուծման ուղիները։