Յոյս կայ, որ 2026-ին պատերազմը կը վերջանայ, եւ ռուսական տնտեսութիւնը կը յայտնուի ուժեղ պատժամիջոցներու տակ, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ են Ռուսիոյ Դաշնութեան վրայ ճնշում գործադրելու աւելի ուժեղ քայլեր։ Ինչպէս հաղորդած է UNIAN-ի թղթակիցը, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։
«Ի հարկէ, մենք կը հասկնանք բազմաթիւ հետախուզական գործակալութիւններու, շատ երկիրներու, վերլուծաբաններու գնահատականները։ 2026-ի Յունիս. մենք բոլորս յոյս ունինք, որ այլեւս պատերազմ պիտի չըլլայ։ Բայց միեւնոյն ժամանակ կը հասկնանք, որ ռուսերը պիտի զգան արդէն ընդունուած պատժամիջոցներու տնտեսական ազդեցութիւնը։ Մենք կը հասկնանք, թէ պիւտճէի պակասը որքան պիտի ըլլայ։ Միգուցէ այդ մէկը աղէտալի չըլլայ իրենց տնտեսութեան համար, քանի որ այն հիմնական ստուերային է»,–ըսած է Զելենսքին։
Միեւնոյն ժամանակ, ըստ անոր, դժուար է գնահատել, թէ ինչքան պաշար ունին ռուսերը՝ պատերազմը շարունակելու համար։