image

Հայկազեան Համալսարանը նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

Հայկազեան Համալսարանը նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

Մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ. «Ընթերցանութիւնը աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւն դարձած է թուային հաղորդակցութեան եւ արհեստական բանականութեան այս դարաշրջանին»

Հայկազեան Համալսարանը, Հինգշաբթի 29 Հոկտեմբեր 2026-ին, Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, նշեց իր Գիրքի Օրը՝ նուիրուած գիրքին, գիտական հրատարակութեանց եւ Լիբանանի ու իր հայօճախին հարուստ գրական եւ մտաւորական ժառանգութեան։

Ձեռնարկը լուսարձակի տակ դրաւ Համալսարանին երկարամեայ ներդրումը՝ գիտական ուսումնասիրութիւններու եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման մարզերէն ներս, ի մի բերաւ անոր հարուստ հրատարակչական աւանդը, պատմական հրատարակութիւնները, հազուագիւտ գիրքերն ու արխիւային նիւթերը, որոնք կը վկայեցին Լիբանանի գրական եւ մտաւորական կեանքի զարգացման ընթացքը։

Պաշտօնական բացման՝ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որուն յաջորդեցին Մշակոյթի նախարար Ն.Վ. Դոկտ. Ղասսան Սալամէի խօսքերը։ Երկու ելոյթներն ալ շեշտեցին գիրքին եւ հրատարակութեան կարեւորութիւնը՝ հաւաքական յիշողութեան պահպանման, գիտելիքի յառաջմղման եւ մշակութային ժառանգութեան փոխանցման առումով։

Վեր. Հայտոսթեան անդրադարձաւ գիրքին նշանակութեան՝ իբրեւ յիշողութեան պահոց, ինքնութեան արտայայտութիւն եւ սերունդներն ու մշակոյթները իրարու կապող կամուրջ։ Հոկտեմբերը նկատի ունենալով իբրեւ բերքահաւաքի եղանակ Լիբանանի եւ աշխարհի բազմաթիւ այլ շրջաններու մէջ, ան նշեց, որ Համալսարանի հունձքը կ՚արտացոլայ իր խօսածին, ուսուցանածին, գրածին, ուսումնասիրածին եւ հրատարակածին մէջ։ Ան նաեւ ընդգծեց Հոկտեմբեր ամսուն առանձնայատուկ նշանակութիւնը հայերուն համար, որոնք հինգերորդ դարուն հայոց այբուբենի ստեղծումէն ի վեր իրենց մշակութային ժառանգութիւնը տօնած են գրելու, թարգմանելու եւ հրատարակելու միջոցաւ։

Ընդգծելով Համալսարանին 71-ամեայ ներկայութիւնը Պէյրութի մշակութային, արուեստի եւ կրթական հաստատութիւններով լի այս հատուածին մէջ՝ Հայտոսթեան վերահաստատեց գրաւոր խօսքին առանցքային դերը Համալսարանի ակադեմական առաքելութեան եւ մշակութային ինքնութեան մէջ։ Ան կարեւորեց լեզուական եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը՝ յոյս յայտնելով, որ Գիրքի Օրը հանդիսանայ նոր քայլ մը՝ Խօսքին, Գիրքին, գիտելիքին եւ մշակութային ժառանգութեան հանդէպ Համալսարանին մնայուն յանձնառութեան ճամբուն վրայ։ Ան շեշտեց, որ մշակութային ժառանգութիւնը Լիբանանի մեծագոյն հարստութիւններէն է, խոր արմատներ ունի ժողովուրդին պատմութեան մէջ եւ կը շարունակէ հարստացնել անոր ներկան ու ապագան։

Իր ելոյթին մէջ Մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ մերժեց գիրքին մահուան կամ անհետացման մասին պնդումները՝ շեշտելով, որ թուային հաղորդակցութեան եւ արհեստական բանականութեան այս դարուն, ընթերցանութիւնը աւելի քան երբեւէ անհրաժեշտութիւն դարձած է։

Սալամէ անդրադարձաւ ընթերցանութեան երեք հիմնական նպատակներուն՝ սորվիլ, հաճոյք ստանալ եւ, այսօր աւելի քան երբեւիցէ՝ դարմանել թուային բովանդակութեան անդադար հոսքին հետեւանքով յառաջացած մտային ցրուածութիւնը։ Ան նկատել տուաւ, որ բջիջային հեռաձայններով ընթերցանութիւնը յաճախ մասնատուած բնոյթ ունի եւ կ՚առաջնորդուի ալկորիթմներով, որոնք ընթերցողը կը մղեն արագօրէն անցնելու մէկ նիւթէն միւսը եւ մէկ հարթակէ ուրիշը՝ միաժամանակ ընթերցողը վնասակար բովանդակութեամբ, ատելութեան խօսոյթով եւ գռեհիկ նիւթերու առջեւ կը դնեն։

Յղում կատարելով այն ուսումնասիրութիւններուն, որոնք այս սովորութիւններով կը բացատրեն թէ՛ մեծահասակներու եւ թէ՛ փոքրերու մօտ կեդրոնանալու կարողութեան նուազումը, Սալամէ ընդգծեց շարունակական ընթերցանութեան կարեւորութիւնը՝ կեդրոնացում, համբերութիւն եւ խորաթափանց ըմբռնում զարգացնելու համար։ Ան եզրակացուց, որ ընթերցանութիւնը այսօր կենսական է ոչ միայն գիտելիք ձեռք բերելու եւ գրականութենէն հաճոյք ստանալու, այլեւ մտային ցրուածութեան դէմ պայքարելու եւ նոր սերունդներուն կեդրոնանալու կարողութիւնը վերագտնելու օգնելու համար։

Պաշտօնական բացման արարողութեան յաջորդեց ցուցահանդէսի բացումը՝ Մաթոսեան Արուեստի Սրահին մէջ։ Ցուցադրուած էին Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատան լոյս ընծայած գիրքերը եւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի հատորները։ Ցուցահանդէսը կը ներառէր նաեւ հազուագիւտ գիրքեր, պատմական հրատարակութիւններ, լիբանանահայ առաջին թերթեր ու պարբերականներ, տպագրական քլիշէներ եւ Համալսարանի հաւաքածոյին մաս կազմող այլ արխիւային նիւթեր, որոնք կը դրուագէին հայ եւ լիբանանահայ տպագրութեան պատմութիւնն ու զարգացումը։ Ցուցահանդէսի առանձնայատուկ եւ ակնառու բաժիններէն էր Վեր. Դոկտ. Արմենակ Հայկազեանի (1870–1919) հայերէն ձեռագիրերուն ընտրանին։ Արմենակ Հայկազեան, որուն անունը կը կրէ Համալսարանը, յարգուած մանկավարժ եւ գիտնական էր, որ զոհ դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան։

Օրուան կարեւոր իրադարձութիւններէն էր նաեւ արուեստագէտ Հատի Սիի «The New Book (aged) 2025» քանդակի բացումը։ Banque BEMO-ի կողմէ երկու տարուան ցուցադրութեան տրամադրուած այս գործը Համալսարանին մէջ պիտի մնայ՝ իբրեւ հանգուցեալ երեսփոխան Տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեանի յիշատակը յարգող «Virtual Pantheon» նախաձեռնութեան մէկ մասը։ Իր խօսքին մէջ Banque BEMO-ի գործադիր տնօրէն եւ ընդհանուր կառավարիչ Դոկտ. Ռիատ Պ. Օպէճի բարձր գնահատեց քանդակին ներդրումը՝ «Գիրքի օր»ուան գեղարուեստական երանգ հաղորդելու, գիրքը ներկայացնելու իբրեւ գիտելիքի, ստեղծագործութեան եւ մտաւորական ներգրաւուածութեան միջոց։ Իր սրտառուչ խօսքին մէջ արուեստագէտ Հատի Սի շնորհակալութիւն յայտնեց եւ իր հպարտութիւնը արտայայտեց, որ իր գործը ցուցադրութեան դրուած է Հայկազեան Համալսարանին մէջ։

«Հայկազեան Համալսարանի Գիրքի օր»ը շարունակուեցաւ գրական յայտագիրով մը՝ Մուկար պարտէզի Հելըն Պարսումեան Կրիմզլիի շատրուանին մօտ, ուր հեղինակ Սուհա Նայիմի հատուածներ ընթերցեց իր The Pitted Face: Memoirs of a Vagrant Soul գիրքէն։ Հեղինակը՝ ներշնչուած Միխայիլ Նայիմի բնօրինակ ստեղծագործութենէն, վերամշակած է զայն արդի մեկնաբանութեամբ։ Ընթերցումը առիթ ընծայեց վերադառնալու արդի արաբական գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն Միխայիլ Նայիմիի գրական ժառանգութեան՝ իր գործին ժամանակակից մեկնաբանութեամբ։

Օրը եզրափակուեցաւ «Լիբանանահայ Գիրքերու Պատմական Ուղին եւ Տպագրական Գործընթացը» խորագիրով կլոր սեղանի հայերէն քննարկումով։ Քննարկման մասնակցեցան լիբանանահայ գրահրատարակչական վաստակաւոր դէմքերէն ՊՊ. Պարոյր Աղպաշեան, Վիգէն Հանէսեան, Յակոբ Հաւաթեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան։ Քննարկումը վարեց Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան։ Մասնակիցները անդրադարձան լիբանանահայ տպագրութեան պատմական ընթացքին, գիրքի արտադրութեան գործընթացներուն ու գործելակերպերուն, ինչպէս նաեւ հրատարակիչներու, խմբագիրներու եւ հեղինակներու դերակատարութեան՝ այս իւրայատուկ գրական ժառանգութիւնը պահպանելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու գործին մէջ։

Գիրքի Օր 2026-ը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայկազեան Համալսարանի հրատարակչական գործունէութեան ծաւալին եւ շարունակականութեան։ Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատան միջոցաւ լոյս տեսած են հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն շուրջ 50 գիրքեր, որոնք կ՚ընդգրկեն նիւթերու լայն շրջանակ մը, ինչպէս՝ հայ եւ լիբանանահայ պատմութիւն, ինքնութիւն, մշակոյթ, կրօնք, կրթութիւն, գրականութիւն եւ հասարակական գիտութիւններ եւն.։ 1970-ին սկիզբ առած Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը 2026-ին լոյս ընծայեց իր 46-րդ հատորը՝ շարունակելով իբրեւ երկարամեայ գիտական հարթակ ծառայել հայագիտական ուսումնասիրութիւններու եւ անոնց յառաջխաղացման։

Այս նախաձեռնութեամբ Հայկազեան Համալսարանը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը գիտական ուսումնասիրութիւններուն, պատմական յիշողութեան պահպանման եւ մշակութային երկխօսութեան խթանման ուղղութեամբ։ Ի մի բերելով գիտական հրատարակութիւններ, պատմական հաւաքածոներ, գրական արտայայտութիւններ ու վերլուծական քննարկումները՝ Գիրքի Օր 2026-ը ընդգծեց գիրքին մնայուն դերը մտաւորական կեանքի ձեւաւորման, մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ գիտելիքի սերունդէ սերունդ փոխանցման մէջ՝ Լիբանանի բազմալեզու եւ բազմամշակութային ընկերութեան ծիրին մէջ։

Ցուցահանդէսը բաց է հանրութեան մինչեւ Ուրբաթ 6 Նոյեմբեր, 2026 ժամը 9:00 -էն 5:00 կ. Ե.